Սպանիոյ գերբաժակի աւարտական մրցումին, վաղը ժամը 21:00-ին Ճետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի պիտի ունենայ 2026-ի առաջին «Քլասիքօ»-ն:
Կիսաւարտականին Պարսելոնա 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Աթլեթիք Պիլպաոն: Հայկական ծագում ունեցող Ռունի Պարտաքճի եղաւ մրցումի աստղերէն` նշանակելով կոլ մը եւ պատրաստելով 2 այլ կոլեր` Ռաֆինիային:
Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքօ Մատրիտը` առանց Քիլիան Էմպափէի:
Ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ ռմբային ազատ հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը 75-րդ երկվայրկեանին: Բ. կիսախաղին Ռոտրիկօ նշանակեց կոլ մը եւս, բայց Աթլեթիքօ փորձեց վերադառնալ մրցումի մթնոլորտ` նորվեկիացի Ալեքսանտր Սորլոթի շնորհիւ, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ վերջ:
Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, Արսենալ Լոնտոնի մէջ չկրցաւ պարտութեան մատնել Լիվըրփուլը:
Մրցումը հետաքրքրական էր, եւ երկուստեք յարձակումներ տեղի ունեցան: Լիվըրփուլի համար ցաւալի էր վերջին վայրկեաններուն ալ պաշտպան Քոնըր Պրատլիի վիրաւորուիլը, ուր Կապրիէլ Մարթինելլի դեղին քարտ մը ստացաւ իր կարծր ֆաուլին պատճառով:
Ֆրանսայի գերբաժակի աւարտական մրցումը իրար դէմ հանեց Փարիզ Սեն Ժերմենն ու Մարսէյը` Քուէյթի մէջ:
Տեմպելէ 13-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց, բայց Մէյսըն Կրենվուտ (76-րդ) եւ Փաչօ (87-րդ) սխալմամբ իրենց խումբի բերդին մէջ նշանակեցին Մարսէյի 2 կոլերը:
95-րդ վայրկեանին Ռամոշ նշանակեց Փարիզի հաւասարութեան կոլը, եւ դիմուեցաւ փենալթիներու: Լուքաս Շեվալիէ զսպեց Օրայլիի եւ Թրաօրէի փենալթիները եւ Փարիզ 4-1 արդիւնքով յաղթեց վճռող փենալթիներուն:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 19-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Ա. Սէ. Միլան Սան Սիրօ դաշտին վրայ Ճենովան հիւրընկալեց եւ չկրցաւ յաղթել (1-1):
28-րդ վայրկեանին Լորենցօ Քոլոմպօ նշանակեց Ճենովայի կոլը, մինչ 92-րդ վայրկեանին Լէաօ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 99-րդ վայրկեանին Ճենովա փենալթի մը շահեցաւ, բայց Նիքոլայ Սթանչու չկրցաւ զայն կոլի վերածել:


