Ափրիկէի ազգերու բաժակը հասած է իր կիսաւարտականին, ուր թեկնածու Մարոք, որ արդէն իսկ ապահոված էր տոմսը, իրեն հետ ունի Եգիպտոսը, Սենեկալն ու Նիկերիան:
1957-էն ի վեր երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մրցաշարքը թիւով 35-րդն է, զայն ամէնէն շատ շահած է Եգիպտոսը (7 անգամ):
Մարոք, որ կը հիւրընկալէ այս տարուան մրցաշարքը, 1976-ին շահած է իր միակ մրցանակը, երբ տեղի ունեցած էր Եթովպիոյ մէջ:
Մարոք քառորդ աւարտականին դուրս ձգեց Քամերունը` շնորհիւ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Պրահիմ Տիասի եւ ՓՍՎ Այնտհովընի միջնապահ Իսմայէլ Սայպարիի կոլերուն:
Կիսաւարտականին Մարոք պիտի մրցի Նիկերիոյ դէմ, որ դուրս ձգեց Ալճերիան` 2-0 արդիւնքով: Կալաթասարայի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմեն եւ Սեւիլիայի յառաջապահ Աքոր Ատամս նշանակեցին Նիկերիոյ կոլերը:
Եգիպտոս 3-2 արդիւնքով դուրս ձգեց ախոյեան Փղոսկրեայ Ափունքը: Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Օմար Մարմուշ, Ռամի Ռապիա եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ նշանակեցին Եգիպտոսի 3 կոլերը, մինչ Ահմետ Ֆաթուհ (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Կուելա Տուէ` Փղոսկրեայ Ափունքի 2 կոլերը:
Կիսաւարտականին Եգիպտոս պիտի մրցի Սենեկալի դէմ, որ 1-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Մալին: Էվըրթընի յառաջապահ Իլիման Էնտիայ նշանակեց Սենեկալի միակ կոլը:
ՖԻՖԱ-ի դասաւորումով Մարոք (11-րդ) կը հանդիսանայ առաջին դասուած ափրիկեան երկիրը, անոր կը յաջորդեն Սենեկալ (19-րդ), Եգիպտոս (35-րդ) եւ Նիկերիա (38-րդ):


