Երէկ յետմիջօրէին «Ռոքլենտ Արենա»-ին մէջ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը անսպասելի պարտութիւն մը կրեց Հուփսէն` 94-87 արդիւնքով:
Հուփս լաւ ձեւով պաշտպանեց, մինչ ՀՄԸՄ կատարեց բազմաթիւ սխալներ, որոնցմէ լաւապէս օգտուեցաւ մրցակիցը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ մրցումին սկիզբէն վիրաւորուեցաւ, երբ իրաւարարը չնկատեց անոր վրայ եղած ֆաուլը: Իպրահիմ ձեռքը կոտրած էր: Առաջին մասին ՀՄԸՄ միայն 14 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ 28 կէտ նշանակեց Հուփս:
Բ. մասին ՀՄԸՄ քիչ մը աւելի լաւ էր եւ տարբերութիւնը նուազեցուց 50-42-ի:
3-րդ մասին ՀՄԸՄ շարունակեց իր լաւ ընթացքը, բայց 6 կէտերէն աւելի չկրցաւ մօտենալ (74-68):
Վերջին մասին ՀՄԸՄ փորձեց առաջ անցնիլ, բայց 2 կէտէն աւելի չկրցաւ նուազեցնել արդիւնքը (87-85), անկէ ետք սխալներով հարուստ եղան վերջին 60 երկվայրկեանները: ՀՄԸՄ միայն 2 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Հուփս կրցաւ 4 կէտ նշանակել:
Երթին 10 կէտով յաղթած ՀՄԸՄ այժմ Հուփսի նման 5 պարտութիւն ունի, բայց առայժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:


