Շաբաթավերջին Քեվըն Տիւրենթ կրցաւ գերազանցել Ուիլթ Չեմպըրլէյնի կէտերու մրցանիշը (31.419 կէտ) եւ հասաւ 31.422 կէտերու իր խումբին` Հիւսթըն Ռոքեթցի հետ, որ պարտուեցաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն` 111-105 արդիւնքով:
37 տարեկան Տիւրենթ, որ իր 18-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ եւ 15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած, 8 հազար ռիպաունտի սահմանն ալ կտրեց այս մրցումին:
Ան կրնայ հասնիլ 6-րդ դիրքին ալ, որ այժմ կը գրաւէ գերմանացի Տըրք Նովիթցքին 31.560 կէտով, մինչ պատմութեան լաւագոյնը` Մայքըլ Ճորտըն, կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` 32.292 կէտով:
Տիւրենթ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն կայուն մարզիկներէն մէկն է, իր առաջին տարեշրջանին միայն միջին հաշուով 20,3 կէտ նշանակեց ամէն մրցումի, որմէ ետք անոր միջինը 25-էն վեր է:
Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ, Եութա Ճեզ իր դաշտին վրայ ծանր պարտութիւն կրեց Չարլոթ Հորնեթցէն, որ իր պատմութեան ամէնէն մեծ յաղթանակը արձանագրեց օտար դաշտի վրայ` 150-95 արդիւնքով:
Հորնեթց առաջին կիսախաղէն իսկ 47 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ եւ պահ մըն ալ 57-ի բարձրացուց իր առաւելութիւնը:
Պրենտըն Միլըր (18 կէտ) եւ Լամելօ Պոլ (17 կէտ) եղան Չարլոթի աստղերը մրցումի մը, ուր Չարլոթէն 9 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 146-134 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը, որ իր վերջին 4 մրցումներուն յաղթած էր:
Տոնավըն Միչել 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ փայլեցան նաեւ Էվըն Մոպլի (24 կէտ), Ճէյլըն Թայսըն (23 կէտ), Տարիըս Կարլենտ (22 կէտ) եւ Սամ Մերիլ (20 կէտ):
Անթոնի Էտուըրտծ եւ Նազ Ռիտ 25-ական կէտ նշանակեցին, բայց Բ. կիսախաղին Քլիվլենտ աւելի լաւ էր:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-117
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 107-128
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 91-103
Պրուքլին Նեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 105-121
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 116-117
Ֆինիքս Սանզ – Նիւ Եորք Նիքս 112-107
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս 87-110
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 111-105
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 137-103
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Միլուոքի Պաքս 101-105
ԵՐԷԿ
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 146-134
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 123-99
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 92-98
Շիքակօ Պուլզ – Տալաս Մեւրիքս 125-107
Պոսթըն Սելթիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 95-100
Եութա Ճեզ – Չարլոթ Հորնեթց 95-150


