Վաղը ժամը 16:-45-ին, «Ռոքլենտ Արենա»-ի վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Հուփսին ախոյեանութեան դարձի առաջին մրցումին:
12-րդ հանգրուանի այս մրցումը կարեւոր պիտի ըլլայ զոյգ խումբերուն համար, որոնք շատ աւելի լաւ դարձի արդիւնքներ կը փորձեն ձեռք ձգել:
ՀՄԸՄ երթին 7 յաղթանակ արձանագրած էր, բայց իր առաջին 6 մրցումներու յաջողութենէն ետք 4 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր, երբ խումբին լաւագոյն մարզիկներէն Թայլըր Պէյ վիրաւորուած էր: Այս դէպքը շատ ծանր ազդեց խումբին վրայ, որ բնական վիճակի մէջ կրնար նոյնիսկ ախոյեան Ռիատիին գլխու ցաւ պատճառել:
Յամենայն դէպս այժմ ուշ է այլեւս այս մասին խօսելու, բայց Թայլըրի վիճակը այլեւս պէտք է վճռուի` ապաքինի՞լ, թէ՞ այլ խաղացողով փոխարինուիլ: Միշտ ալ պէտք եղաւ Թայլըրին, որուն վիրաւոր վիճակով խաղալը ո՛չ խումբին, ո՛չ ալ իր վիճակին բարելաւումին որեւէ ձեւով օգնեց:
Յոյսով, որ վաղը Թայլըր ամբողջովին ապաքինած կ՛ըլլայ, եւ բնական ձեւով կը շարունակենք ախոյեանութեան երկրորդ բաժինը:
Հուփսի լաւագոյն մարզիկներն են Քետրիըն Ճոնսըն, Թրեզերիըն Ուայթ եւ նոր սենթըր Ամարի Քելլի, որ տակաւին 3 մրցում կատարեց:
Իր վերջին մրցումին Հուփս անակնկալի բերած էր Սանթրալը, ուր Ճոնի Սաումայի 3 կէտնոց կողովին շնորհիւ Հուփս յաղթած էր (82-85):


