Ֆրանսական Աժաքսիօ ֆութպոլի ակումբի նախկին նախագահ Ալեն Օրսոնի սպաննուեցաւ երկուշաբթի օր` իր մօր յուղարկաւորութեան պահուն:
Ողբերգական միջադէպը տեղի ունեցաւ Քորսիքայի Վերօ շրջանին մէջ, ուր 71 տարեկան Օրսոնի ներկայ էր իր մօր յուղարկաւորութեան արարողութեան: Նախկին քաղաքական գործիչը հեռուէն հրազէնով սպաննուեցաւ:
Աժաքսիոյի դատախազ Նիքոլա Սեփթ նախնական հետաքննութեան սկսած է` գործը որակելով իբրեւ կազմակերպուած խումբի կողմէ իրականացուած սպանութիւն: Հետաքննութիւնը միասնաբար կը վարեն ոստիկանութիւնն ու ներքին ապահովութեան ուժերը:
Օրսոնի Աժաքսիօ ակումբի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած է 2008-էն 2015, ինչպէս նաեւ 2022-2023 տարեշրջաններուն: Ան քաղաքական գործիչ ալ եղած է: 2008-ին ոստիկանութիւնը կանխած էր անոր դէմ մահափորձ մը:


