Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

January 13, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Խմբային մարզական խաղերու մէջ շատ անգամ կը տեսնենք, որ լաւ մարզիկներ ունեցող խումբեր լաւ արդիւնքներ տալէ ետք շրջան մը «կը կաղան», եւ ասոր պատճառները կրնան տեսակաւոր ըլլալ: Կա՛մ այն է, որ մրցակից խումբեր այլեւս գիտեն, թէ այդ խումբը ինչպէ՛ս կը խաղայ, կա՛մ ալ մարզիկները մարզիչին սահմանափակ ոճէն անկախ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընեն մրցումի պահուն: Երբեմն «ռութին»-ը, որ միշտ նոյն ձեւի կրկնութիւնն է, քանդիչ կրնայ ըլլալ, երբեմն ալ լաւ կ՛ըլլայ: ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ պասքեթպոլի տղոց խումբի մարզիչ Ճօ Մոժահեսի «ռութին»-ը տարիներէ ի վեր կը յաջողի քիչ թէ շատ, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը, օրինակ, նոյնը չէ: Տարիներէ ի վեր խումբին մաս կազմող մարզիկներ երբեմն կը տեսնենք, որ լուծում չունին դաշտին վրայ, եւ նոյնիսկ նոր միացած մարզիկներ կա՛մ առիթ չեն ստանար, կա՛մ ալ քիչ մը աւելի առիթ կը տրուի իրենց փորձառութեան պատճառով:

Ակումբին մէջ վերջին 4 տարիներուն քանի մը անգամ մարզիչներ փոխուեցան, եւ անցեալ տարի Իպրահիմ Խէյրէտտինի հետ խումբը բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Իրականութեան մէջ նախապէս ալ նշած էինք, որ խումբը կանոնաւոր ֆութպոլ չի խաղար, բայց արդիւնքը լաւ կ՛ըլլար: Մեզի համար կարեւորը արդիւնքն էր, եւ նպատակին հասաւ խումբը բարձրանալով Գ. դասակարգ:

Այս տարի մասնաւոր փոփոխութիւններ չեղան, եւ գրեթէ նոյն խումբով կը խաղանք, միակ տարբերութեամբ, որ 2 «նորեկ»-ներ կան հիմնական կազմէն` վեթերան յառաջապահ մը եւ կեդրոնի նոր պաշտպան մը, որ հակառակ իր լաւ կէտերուն, երբեմն «մահացու» սխալներ կը գործէ:

Երբ լաւ ֆութպոլ չես խաղար, եւ արդիւնքներն ալ լաւ չեն, բնական պիտի ըլլայ մարզիչի փոփոխութիւնը, որ կրնայ ամբողջովին փոխել խումբին ընթացքը: 5 մրցումներէ ետք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 կէտերով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, բայց առաջին խումբէն 4 կէտերով միայն ետ կը մնայ: Տակաւին 9 հանգրուաններ կան եւ բնաւ ուշ չէ աւելի լաւ շարունակելու:

Պէտք է նշենք նաեւ, որ մեր մարզիկներն ալ իրենց առաւելագոյնը պէտք է տան դաշտին վրայ` աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար:

 

 

Նախորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.