«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն Լոս Անճելըս Քլիփըրզի վեթերան աստղերէն Ճէյմս Հարտըն 32 կէտ նշանակեց եւ կէտերու ընդհանուր հաշուով մէկ կէտով անցաւ Շաքիլ Օ՛նիլի 28.596 կէտերուն: Այժմ 9-րդ դիրքի վրայ գտնուող Հարտըն մօտ 3 հազար կէտերու պէտք ունի` հասնելու Ուիլթ Չեմպըրլէյնին:
Քլիփըրզ 117-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չարլոթ Հորնեթցը, մինչ Փասքալ Սիաքամի ֆլոթըրը պատճառ դարձաւ, որ Ինտիանա Փէյսըրզ 98-96 արդիւնքով յաղթէ Պոսթըն Սելթիքսին: Սաքրամենթօ Քինկզ 6 մրցումներ պարտուելէ ետք կրցաւ ինքզինք գտնել եւ յաղթել Լոս Անճելըս Լէյքըրզին` 124-112 արդիւնքով, հակառակ անոր որ Լուքա Տոնչիչ 42 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի:


