Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

January 13, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական կարեւոր 5 լիկաներու մրցումները: Սպանիոյ մէջ ուշադրութիւնը գրաւած էր Եւրոպայի սպասուած «Քլասիքօ»-ն, ուր Պարսելոնա կրցաւ անգամ մը եւս յաղթել Ռէալ Մատրիտին (3-2)` շահելով իր յաջորդական երկրորդ գերբաժակը:

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եղաւ բաւական «տաք» եւ հետաքրքրական: Ռէալ Մատրիտ մրցումին սկիզբը լաւ պաշտպանուեցաւ եւ վստահած էր հակայարձակումներու, բայց առանց Քիլիան Էմպափէի շատ յոյս չկար յաղթելու: Սակայն մրցումը աւելի ուշ սկսաւ հաւասարակշռուիլ, մանաւանդ Ռաֆինիայի առաջին կոլէն ետք: Ռաֆինիա ոսկի առիթ մը կորսնցնելէ ետք 36-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:

45 վայրկեանները անցած էին, երբ Վինիսիուս Ժունիոր կրցաւ խաղի բերել քանի մը մրցակից եւ նշանակել Ռէալի առաջին կոլը:

Հազիւ 2 վայրկեան անցած, Փետրի գեղեցիկ փոխանցումով ազատ գնդակ ղրկեց Ռոպերթ Լեվանտովսքիին, որ նշանակեց… 2-1: Հազիւ 2 վայրկեան անց, Կոնսալօ Կարսիա նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը (51-րդ վայրկեանին): Հաուսընի գլխու հարուածը իր գլուխով զսպած էր Ռաֆինիա, բայց գնդակը դպնալէ ետք իր բերդի ձողին, վերադարձած էր Կարսիային: Կարսիա ձեւով մը կրցաւ հաւասարակշռութիւնը պահել եւ ինկած պահուն հարուածել ոտքին ծայրով:

Բ. կիսախաղին առիթներ ստեղծուեցան, Ռէալ Մատրիտ աւելի յարձակեցաւ, բայց աւելի լուրջ եւ կազմակերպուած էին Պարսելոնայի յարձակումները, եւ 73-րդ վայրկեանին Օլմոյի փոխանցումէն ետք Ռաֆինիա նշանակեց Պարսելոնայի յաղթանակի կոլը: Պարսելոնայի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի համար յիշատակելի էր այս աւարտականը, ուր ան կրցաւ իր 8-րդ աւարտականը յաղթանակով պսակել Պայերն Միւնիխի եւ Պարսելոնայի հետ:

Անշուշտ ճնշումը կ՛աւելնայ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի վրայ, որուն մարզիկները տակաւին չկրցան լաւապէս կիրարկել անոր մարտավարութիւնը: Նշենք, որ Էմպափէ մասնակցեցաւ մրցումի վերջին 15 վայրկեաններուն, բայց ան վստահ ամբողջական լաւ վիճակի մէջ չէր եւ չկրցաւ մասնաւոր փոփոխութիւն իրականացնել:

Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ քիչ մը դանդաղ սկսելէ ետք Վոլֆսպուրկի դէմ մրցումը, կրցաւ Բ. կիսախաղին 6 կոլ նշանակել եւ 8-1 արդիւնքով յաղթել իր մրցակիցին` 11 կէտերով հեռանալով Տորթմունտէն, որ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ:

Իտալիոյ մէջ, Ինթեր Միլան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց ախոյեան Նափոլիի հետ:

Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի դաշտ ներկայանալէն ետք (62-րդ վայրկեան) Ինթեր ամբողջովին տարբեր ձեւի խաղ ունեցաւ: Ան 73-րդ վայրկեանին շահեցաւ փենալթի մը, զոր կոլի վերածեց Հաքան Չալհանօղլու: Սկովտիացի Սքոթ Մաքթոմինէյ նշանակեց իր եւ Նափոլիի 2-րդ կոլը` 81-րդ վայրկեանին:

93-րդ վայրկեանին Մխիթարեան խուժեց քառակուսի եւ ռմբային հարուած տուաւ, բայց անոր հարուածը զսպեց Նափոլիի բերդին ձախ սիւնը:

 

Նախորդը

«Էֆ. Էյ. Քափ» Եունայթըտ Առանց Մարզիչի Դուրս Մնաց

Յաջորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

RelatedPosts

Նշմար.  «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…
Մարզական

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

January 13, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

January 13, 2026
«Էֆ. Էյ. Քափ»  Եունայթըտ Առանց Մարզիչի Դուրս Մնաց
Մարզական

«Էֆ. Էյ. Քափ» Եունայթըտ Առանց Մարզիչի Դուրս Մնաց

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.