Մարզական

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Անդրանիկէն`  89-97 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Անդրանիկէն` 89-97 Արդիւնքով

Երէկ, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը չկրցաւ պարտութեան մատնել Անդրանիկը եւ 89-97 արդիւնքով պարտուեցաւ: Մրցումին սկիզբէն երկու խումբերն ալ հեռուէն կէտեր նշանակելու կ՛աշխատէին, եւ Անդրանիկ սկիզբէն շատ աւելի լաւ էր, քան ՀՄԸՄ-ը, որմէ կը բացակայէր Ահմետ Իպրահիմ` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Անդրանիկ 20-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, ուր շատ դիւրին կողովներ չկրցաւ նշանակել ՀՄԸՄ: Բ. կիսախաղին պատկերը գրեթէ նոյնն էր,...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»  Փարիզ Սեն Ժերմեն 168 Միլիոն Տոլար Շահեցաւ  «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Տիտղոսին Համար

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Փարիզ Սեն Ժերմեն 168 Միլիոն Տոլար Շահեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Տիտղոսին Համար

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն քանի մը օր առաջ անցեալ տարեշրջանին իր կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2024-2025-ի մրցանակները հաստատեց 466 միլիոն տոլար յաւելեալ նիւթական նպաստներով Եւրոպայի լաւագոյն խումբերուն: Յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ժողովի նախօրեակին, Եւրոպայի երկիրներու պատասխանատու մարմնի տնտեսական յանձնախումբի տեղեկագրութիւնը յայտնեց այս թիւերը: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ շահած էր տիտղոսը, 168 միլիոն ամ. տալոր ստացաւ, մինչ փոխախոյեան...

Օկնյեն Չանչարեւիչ Միացաւ  Սերպական Ակումբի

Օկնյեն Չանչարեւիչ Միացաւ Սերպական Ակումբի

Նոայի եւ Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Օկնյեն Չանչարեւիչ փոխանցուեցաւ Սերպիոյ «Իմթ» ակումբ: 36 տարեկան բերդապահը, որ ծնունդով սերպ է, նախընտրեց ասպարէզի իր վերջին տարիները աւարտել իր ծննդավայրին մէջ: Նովի Պէոկրատի «Իմթ» ակումբը կը գրաւէ Սերպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ դիրքը եւ կը փորձէ հեռանալ վտանգաւոր դիրքերէ: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Փարթիզան Պելկրատ, որ 1 կէտի առաւելութիւն ունի Կարմիր Աստղ Պելկրատի վրայ,...

500 Միլիոն Տոմսերու Պահանջ Կայ` 2026-ի Մոնտիալին Համար

500 Միլիոն Տոմսերու Պահանջ Կայ` 2026-ի Մոնտիալին Համար

ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ 500 միլիոնէ աւելի տոմսերու առաջարկներ ստացած է այս ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալին համար: Միջազգային ֆութպոլի պատասխանատու մարմինը յայտնեց, որ բացի Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի եւ Քանատայի համակիրներէն, առաւելագոյն առաջարկները ստացած են Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Պրազիլի, Սպանիոյ, Փորթուգալի, Արժանթինի եւ Քոլոմպիոյ համակիրներէն: ՖԻՖԱ-ն նախապէս իւրաքանչիւր տոմսի դիմաց կը պահանջէր մինչեւ 8,680 տոլար: Դժգոհութիւններէ ետք, ՖԻՖԱ-ն անցեալ ամիս նուազեցուցած էր սակագինը`...

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը հաստատ քայլերով կը շարունակէ ախոյեանութիւնը եւ իր 2-րդ մրցումին հանգիստ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց 89-59 արդիւնքով` Էն. Էս. Էյ.-ի դաշտին վրայ: Մրցումը սկսաւ բաւական պաղ մթնոլորտի մէջ: Էն. Էս. Էյ. կրցաւ մրցումը լաւ սկսիլ եւ պահ մը 5 կէտի առաւելութիւն ունենալ (7-2), բայց երբ Անթիլիասի աղջիկները տաքցան, Էն. Էս. Էյ. չկրցաւ մրցիլ եւ ետ մնաց:...

Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Այսօր ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը` «հայկական տերպի»-ի մրցումին: Տղոց պասքեթպոլի 13-րդ հանգրուանի (դարձի երկրորդ) մրցումին, ՀՄԸՄ պիտի փորձէ ինքզինք վերագտնել եւ վերադառնալ յաղթանակներու շարքին: Երթին, 62-71 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ պէտք է իր լաւագոյնը տայ, մանաւանդ որ Անդրանիկ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ 4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած է...

Ուասլ.  Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

Ուասլ. Սաժես Վերջապէս Յաղթեց Ռիատիին

Չորեքշաբթի գիշեր Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ Սաժես կրցաւ պարտութեան մատնել Ռիատին` Ուասլի մրցաշարքի մրցումներու ծիրին մէջ: Սաժես 105-91 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատին` արձանագրելով այս մրցաշարքի իր 2-րդ յաղթանակը 5 մրցումներու ընթացքին: Ռիատի իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց 4 յաղթանակներու կողքին` մնալով առաջին դիրքի վրայ, մինչ Սաժես մնաց 4-րդ դիրքի վրայ: Ռիատի վերջին անգամ անցեալ տարեշրջանի ախոյեանութեան աւարտականին մրցում մը պարտուած...

Թենիս.  Մարիա Ազիզեան` Ապագայի Խոստմնալից Թենիսվումըն

Թենիս. Մարիա Ազիզեան` Ապագայի Խոստմնալից Թենիսվումըն

14 տարեկան հայաստանցի թենիսվումըն Մարիա Ազիզեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ «Այ. Թի. Էֆ.»-ի կազմակերպած Անթալիայի (Թուրքիա) թենիսի մրցաշարքին: Առաջին մրցումին, Մարիա յաղթեց ռումանացի Անճելինա Փաւելի` 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով, ապա պարտութիւն կրեց ռուս Աննա Քարցեւայէն` 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով: Երկրորդ մրցաշարքին Ազիզեան յաղթեց թուրք Էսիլա Թոքլուին` 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով, ապա դժուար մրցումի մը ընթացքին` ռուս Ուսթինիա Լեքոմցեւային` 7-6, 4-6 եւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Շատ Մը Մարզիկներ Կը Վիրաւորուին

«Էն. Պի. Էյ.» Շատ Մը Մարզիկներ Կը Վիրաւորուին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին, եւ վիրաւորներու շարքն ալ կ՛երկարի բոլոր խումբերուն համար: Ամէնէն շատ ազդուած խումբը կրնայ ըլլալ Տալաս Մեւրիքս, որուն թիւ 1 աստղ Քայրի Ըրվինկ անցեալ տարեշրջանէն կը շարունակէ բացակայիլ վերաբուժութենէ ետք, մինչ «Օլ Սթար»-ի մասնակից այլ աստղ մը` Անթոնի Տէյվիս, իր կարգին բազմաթիւ մրցումներէ կը բացակայի: Տալասի «գլխու ցաւ»-ը ըստ երեւոյթին կ՛երկարի, մանաւանդ երբ նորեկ աստղ...

Արպելոա Ձախող Ձեւով Սկսաւ Ռէալ Մատրիտի Իր Ասպարէզը` Դուրս Մնալով Բաժակի Մրցաշարքէն

Արպելոա Ձախող Ձեւով Սկսաւ Ռէալ Մատրիտի Իր Ասպարէզը` Դուրս Մնալով Բաժակի Մրցաշարքէն

Ալվարօ Արպելոա իր առաջին մրցումը ունեցաւ չորեքշաբթի գիշեր, ուր Ռէալ Մատրիտ կը մրցէր Ալպասեթէի դէմ «Քոփա Տել Ռէյ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն: Արպելոա, որ երիտասարդներու խումբը կը մարզէր, փոխարինած էր Չապի Ալոնսոն, եւ այս մրցումը սկսաւ մեծ մասամբ երիտասարդ սպանացիներով: Ալ պաշտպան Տաւիտ Խիմենխ (21 տարեկան) եւ միջնապահ Խորխէ Սեսթերօ Սանչօ (19 տարեկան) իրենց առաջին պաշտօնական մրցումը կ՛ունենային, մինչ պահեստի բերդապահ...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ օր, Անսար գիւղի «Իմամ Մուսա Սատր»-ի անուան մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի ըլլայ հիւրը Ահլի Սայտայի, Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ շաբթուան մրցումներուն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր նոր մարզիչին հետ առաջին ելոյթը պիտի ունենայ, պիտի փորձէ նոր մթնոլորտի մէջ եւ նոր դաշտի վրայ 3 կէտ ձեռք ձգել` 2-րդ դիրքը գրաւող Ահլի Սայտայի դէմ մրցումին:...

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

Մանչեսթըր Եունայթըտ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Մայքըլ Քարիք ժամանակաւոր գլխաւոր մարզիչ նշանակած է: 44 տարեկան մասնագէտը պայմանագիր կնքած է «Կարմիր սատանաներ»-ուն հետ մինչեւ ընթացիկ եղանակի աւարտը: 3 տարի Միտըլզպորոն մարզելէ ետք, Քարիք 2025-ի յունիսէն ետք անգործ էր: Մայքըլ Քարիք 2006-էն 2018 մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտին, որմէ ետք աւարտած է իր ասպարէզը` դառնալով ակումբի օգնական մարզիչ: 2021-ին ալ ան ժամանակաւոր գլխաւոր...

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

7 յունուարին կանացի Անթուան Սեմենիօ իր վերջին մրցումը կատարեց Թոթենհամի դէմ եւ 95-րդ վայրկեանին նշանակեց Պորնմաութի յաղթանակի կոլը` 5 տարեշրջաններէ ետք լքելով Պորնմաութը եւ միանալով Մանչեսթըր Սիթիի: Սիթիի հետ Սեմենիօ 3 օր ետք, Անգլիոյ բաժակի գծով Էքսեթըր ակումբին դէմ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց էսիսթ: 3 օր եւս, եւ երեքշաբթի գիշեր, այս անգամ «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակին գծով, Սեմենիօ բաւական...

Թորինօ Անակնկալի Բերաւ  Ռոման Եւ Դուրս Ձգեց Զայն

Թորինօ Անակնկալի Բերաւ Ռոման Եւ Դուրս Ձգեց Զայն

Ծայր աստիճան հեքաքրքրական մրցումէ մը ետք, Թորինօ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Էս. Ռոման, Հռոմի «Սթատիօ Օլիմփիքօ» դաշտին վրայ, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/8-րդ աւարտականի գծով իր մրցումին եւ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ինթեր Միլանի դաշտին վրայ: Սկովտիացի Չէ Էտըմզ նշանակեց 2 կոլ 35-րդ եւ 52-րդ վայրկեաններուն` ի նպաստ Թորինոյի, մինչ Ռոմայի կոլերը նշանակեցին սպանացի յետսապահ Մարիօ Հերմոսօ եւ 16 տարեկան...

Մարսէյ 9 Կոլեր Նշանակեց  Պայէօ Ակումբի Բերդին Մէջ

Մարսէյ 9 Կոլեր Նշանակեց Պայէօ Ակումբի Բերդին Մէջ

Ֆրանսայի բաժակի մրցաշարքի 1/16-րդ աւարտականին, Մարսէյ 9 կոլ նշանակեց ոչ արհեստավարժ Պայէօ ակումբին դէմ եւ հասաւ յաջորդ հանգրուան: Ռոպերթօ Տէ Ցերպիի գլխաւորած Մարսէյի կոլերը նշանակեցին Մէյսըն Կրինվուտ (2), Ամին Կուիրի (2), Էնճըլ Կոմես, Համետ Ճունիոր Թրաորէ, Սի. Ճէյ. Իկըն-Ռայլի եւ Նիլ Մոփէ: Յաջորդ հանգրուանին Մարսէյ պիտի մրցի Ռեննի դէմ` ամբողջացնելով 1/8-րդ հանգրուանի յայտագիրը հետեւեալ ձեւով. Մարսէյ - Ռենն Սթրազպուրկ -...

Կրիզմանի Կոլին Շնորհիւ  Աթլեթիքօ Մատրիտ Յաղթեց

Կրիզմանի Կոլին Շնորհիւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Յաղթեց

Սպանիոյ «Քոփա Տել Ռէյ»-ի (բաժակի մրցաշարք) մրցումներու 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Բ. դասակարգի Տեփորթիվօ Լա Քորունիայի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Աթլեթիքօ Մատրիտի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կոլ-սքորըր Անթուան Կրիզման` ազատ հարուածով: Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած ակումբը հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Ռասինկ Սանթանտեր - Պարսելոնա մրցումին յաղթականին դէմ: Սպանիոյ Բ. դասակարգէն այլ խումբ մը` Քիւլթուրալ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 21:30-ին Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ելոյթ մը ունեցած էր Ինմաա Տամուրի դէմ եւ յաղթած 86-52 արդիւնքով, մինչ Էն. Էս. Էյ. բաւական ծանր պայքարէ ետք 62-57 արդիւնքով պարտուած էր մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն Պէյրութ Ֆըրսթէն:...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  10-է Աւելի Հայ Մարզիկներ Պատուաւոր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. 10-է Աւելի Հայ Մարզիկներ Պատուաւոր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին

Լիբանանի մարմնամարզութեան նորակազմ ֆետերասիոնին կազմակերպած 2025-ի Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան արդիւնքներուն վաւերացուելէ ետք, 10-է աւելի հայ մարզիկներ գրաւեցին պատուաւոր դիրքեր: Նախապէս նշած էինք 2018-ի Ա. կարգի Լիլիթ Աքըլի ազատ պարի եւ պարանի ոսկի մետալները, մինչ Տաթեւիկ Լոճիքեան 2018-ի Գ. կարգի ազատ պարի Լիբանանի ախոյեան դարձաւ: 2017-ի ծնունդ մասնակիցներուն մէջ, Ա. կարգի մրցումներուն, Արին Սեփեթճեան ազատ պարի, պարանի ձեւի եւ օղակներու երրորդ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց  Բաժակի Մրցաշարքէն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի վերջին տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն երկուշաբթի գիշեր անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ֆրանսայի բաժակի 1/16-րդ հանգրուանին, երբ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Փարիզ Ֆ. Ք. ակումբէն: Փարիզ Ֆ. Ք., որ 8 օր առաջ 2-1 արդիւնքով պարտուած էր նոյն դաշտին վրայ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի տերպիի մրցումին, բնականաբար պաշտպանողական խաղ մը կիրարկեց աւելի զօրաւոր մրցակիցին դէմ, եւ 22 տարեկան...

Ռոնալտօ Իր 959-րդ Կոլը Նշանակեց, Բայց Նասր Պարտուեցաւ

Ռոնալտօ Իր 959-րդ Կոլը Նշանակեց, Բայց Նասր Պարտուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը երկար ժամանակ գրաւելէ ետք Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր ակումբը վերջին 3 մրցումներուն (2026-ին) 3 պարտութիւն կրեց եւ 7 կէտով ետ կը մնայ Հիլալէն` 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք: Հանգրուանի բացման մրցումին, Ռոնալտօ 42-րդ վայրկեանին նշանակեց իր ասպարէզի 959-րդ կոլը` ֆրանսացի Քինկզլի Քոմանի փոխանցումէն օգտուելով: Սակայն Բ. կիսախաղին Հիլալ կրցաւ հաւասարիլ շնորհիւ Սալեմ Տոսարիի փենալթիին, որմէ քանի...

Page 67 of 1275 1 … 66 67 68 … 1,275

Արխիւներ