«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած Արման Ծառուկեան յաջողութեամբ սկսաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի իր տարեշրջանը: «Ռաֆ 5» մրցաշարքին, Ֆլորիտայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), հայ մարզիկը դիւրին յաղթանակ արձանագրեց Լանս Փալմըրի դէմ մրցումին:
Գօտեմարտը հազիւ 2 վայրկեան տեւեց, ուր Ծառուկեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաղթեց 10-0 արդիւնքով` ոչ մէկ առիթ տալով իր մրցակիցին:
Ասիկա Արման Ծառուկեանի առաջին ելոյթն էր այս տարի, եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի պաշտօնական մրցաշարքին, սակայն նոյնիսկ իրեն համար նոր ոճի մարզաձեւին ան ցուցադրեց լաւ պատրաստութիւն եւ ըմբշամարտի բարձր մակարդակ: Անոր մրցակիցը` Լանս Փալմըր յայտնի ամերիկացի մարզիկ է, «Փի. Էֆ. Էլ.»-ի նախկին ախոյեան, «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն 23 յաղթանակ եւ 8 պարտութիւն ունի, եւ բացի խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») փորձառութեան, ան ըմբշամարտի ոլորտին մէջ լուրջ փորձառութիւն ալ ունի, ուր դարձած է «Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի ախոյեան եւ մասնակցած ըմբշամարտի բազմաթիւ մրցաշարքերու:


