Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայազգի Ֆութպոլիստներ Հինէն Ի Վեր…

January 12, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային ֆութպոլի պատմութիւնը հինէն ի վեր պահպանած է հայազգի բազմաթիւ ֆութպոլիստներու անուններ, որոնք մեծ յաջողութիւններու հասած են իրենց պատմական հայրենիքէն դուրս:

Այդպիսի ֆութպոլիստներէն մէկն էր Ալֆրետօ Ամարիլիօ Քէշիշեան, ուրուկուէյցի մը` հայկական արմատներով, որ դարձաւ Պարսելոնա ակումբէն հանդէս եկած հայազգի առաջին ֆութպոլիստը:

Այժմ քաթալոնական ակումբի կազմէն ելոյթ կ՛ունենայ հայազգի ֆութպոլիստ մը եւս` Ռունի Պարտաքճի, որ կը ներկայացնէ Շուէտի ազգային խումբը: Թէ՛ Քէշիշեան եւ թէ՛ ալ Պարտաքճի երբեք ուղղակիօրէն կապուած չեն եղած Հայաստանի հետ ազգային խումբերու մակարդակով, բայց անոնց ծագումը հայկական սփիւռքի հարուստ ու լայն պատմութեան մէկ մասն է միջազգային ֆութպոլին մէջ:

Ալֆրետօ Քէշիշեան ծնած է 1953-ի յունուարին` Մոնթեվիտէոյի մէջ, հայկական ծագում ունեցող ընտանիքէ մը:

Նասիոնալ ակումբին հետ յաջող ելոյթներ ունենալէ ետք, 1973-ին ան իր հօր խորհուրդով տեղափոխուեցաւ Սպանիա եւ պայմանագրութիւն կնքեց Ռէալ Վայատոլիտի հետ: Ան սկսաւ փայլիլ ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքի վրայ, բայց հետզհետէ ինքզինք փաստեց նաեւ աւելի պաշտպանողական ձախ կողմի միջնապահ դիրքի վրայ` շնորհիւ իր ֆիզիքական տոկուն մարմինին եւ պայքարի բարձր ոգիին:

1976-ի ամրան Պարսելոնայի նետերլանտցի մարզիչ Ռինուս Միքելս անձամբ պնդեց անոր փոխանցումին վրայ` վճարելով 15 միլիոն փեզեթա, որ այդ տարիներուն բաւական բարձր արժէք ունէր:

Քէշիշեան միացաւ ակումբի մը, որ ունէր Եոհան Քրոյֆի եւ Եոհան Նիսքենզի նման փայլուն աստղեր:

28 նոյեմբեր 1976-ին Քէշիշեան պատմութեան մէջ արձանագրուած անմոռանալի կոլ մը նշանակեց Քամփ Նուի մէջ` Վալենսիայի դէմ (6-1) մրցումին: «Նիսքենզ գնդակը փոխանցեց Չարլիի (Քարլես Ռեսաք), որ իր կարգին ինծի… Ես քառակուսիին ձախ կողմն էի եւ դէպի ետ ուղղուելով ձախ ոտքի ուժգին հարուած մը տուի, որ վերի անկիւնէն մուտք գործեց», կը յիշէ Քէշիշեան տարիներ ետք: «Դժբախտաբար այդ կոլը, որ ընտրուած էր այդ ամսուան Եւրոպայի լաւագոյնը, չեմ գտներ որեւէ տեղ (նկարուած)»:

Սպանիոյ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք, ան կը պատրաստուէր Սպանիոյ ազգային խումբին հետ մասնակցելու 1978-ի Մոնտիալին, բայց ՖԻՖԱ-ն նկատելով, որ ան նախապէս մասնակցած է Ուրուկուէյի երիտասարդներու ազգային խումբէն, մերժած է անոր մասնակցելու իրաւունք տալ:

Աւելի ուշ ան խաղցած է նաեւ Սալամանքայի եւ Էսփանիոլի հետ, ապա Մեքսիքոյի հետ` 32 տարեկանին լքելով ֆութպոլը:

Այժմ հերթը Ռունի Պարտաքճիին է, որ փայլի Պարսելոնայի հետ, եւ գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք բնաւ նպատակ չունի ձմեռնային փոխանցումներու պահուն զայն փոխ տալու որեւէ այլ ակումբի: Ճիշդ է, որ ան Լամին Եամալի բացակայութեան միայն կը խաղայ, բայց անոր խաղցած 413 վայրկեանները շատ ազդու էին, ուր նշանակած է 2 կոլ եւ կատարած 4 կոլերու էսիսթ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Ֆութպոլիստները` Իրենց Ակումբներուն Հետ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութիւն Կրեց Հուփսէն` 94-87 Արդիւնքով

RelatedPosts

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի
Գլխաւոր լուրեր

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

February 9, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

February 9, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.