Ըմբշամարտ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Լեովա Գէորգեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Եւրոպայի պատանեկան գործող ախոյեան Լեովա Գէորգեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, 92 քկ դասակարգին մէջ, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երրորդ դիրքի մրցումին, ան 7-4 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ հնդիկ Մոնու Տահիյայի նկատմամբ: Քառորդ աւարտականին ան 12-2 արդիւնքով յաղթեց Ռաւշանպեկ Ջումափոյեւին (Ուզպեքիստան):

