Միւնիխի մէջ տեղի ունեցող «Օտի-Քափ» ֆութպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող թրքական Ֆեներպահչէ խումբը, կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին ամօթալի պարտութիւն մը կրեց Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխէն` 6-1 արդիւնքով:
Հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Թոմաս Միւլըր (31-րդ, 44-րդ` փենալթիով եւ 58-րդ):
Աւարտականին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պայէրն Միւնիխ եւ Թոթենհամ: Վերջինս նուազագոյն հաշուով յաղթեց Ռէալ Մատրիտին: