Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրաքէն:
Թէեւ Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին Հիւսէյն Ալի Ժասեմ նշանակեց Իրաքի եւ մրցումին միակ կոլը (58-րդ):
Այս ճակատումը եղաւ պաշտօնական առաջին մրցումը` Լիբանանի ազգային խումբի ռումանացի նոր մարզիչ Լեւիօ Զիոփոթարիոյի համար:
Քարպալայի մէջ (Իրաք) տեղի ունեցած այս մրցումին (Ա. խմբակ) ներկայ էր երեսուն հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարները եղան Պահրէյնէն:



