Այսօր` հինգշաբթի, 1 օգոստոսին, «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ:
Կատարուելիք մրցումներուն արդիւնքները պիտի վճռեն, թէ ո՛ր խումբերը պիտի անցնին յաջորդ հանգրուան:
Այսօր մրցում ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Փիւնիկ Երեւան եւ Ալաշկերտ:
Ժամը 20:00-ին, Փիւնիկ հիւրը պիտի ըլլայ Ժապլոնեքի, իսկ Ալաշկերտ` Շթէուայի, ժամը 21:30-ին:
Երկու մրցումներուն ժամերն ալ պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթին Փիւնիկ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Ալաշկերտ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: