Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Եւրոպայի պատանեկան գործող ախոյեան Լեովա Գէորգեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, 92 քկ դասակարգին մէջ, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, ան 7-4 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ հնդիկ Մոնու Տահիյայի նկատմամբ:
Քառորդ աւարտականին ան 12-2 արդիւնքով յաղթեց Ռաւշանպեկ Ջումափոյեւին (Ուզպեքիստան):




