Պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար համաձայնագիր մը կնքեց գերմանական «Ժաքօ» ընկերութեան հետ` յանձին անոր ներկայացուցիչին` Ֆրետի Ճոն-Փոլի:
Վերոնշեալ ընկերութիւնը Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը պիտի ըլլայ` ֆետերասիոնին տրամադրելով մարզական սարքեր եւ պիտոյքներ:
Երեք տարուան համար կնքուած այս համաձայնագիրը կ՛արժէ 120 հազար եւրօ:
«Ժաքօ» ընկերութիւնը Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածքին բաւական հանրածանօթ անուն մըն է: