Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ թունուզցի յառաջապահ Ահմետ Աքայշի հասաւ Լիբանան` իր բանակցութիւնները ամբողջացնելու համար Ահտի հետ:
Եթէ ան ստորագրէ խումբին տոմարներուն վրայ, պիտի հանդիսանայ խումբին երրորդ օտարականը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ թունուզցի ֆութպոլիստին դիմաւորեցին Ահտի պատասխանատուները: