Մոթորսայքլինկ. Տեղի Ունեցաւ «Քափ-390»-ի Գ. Հանգրուանի Մրցումը
Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն.-Պու Խաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Քարթինկ-Մանիա» վազքուղիին վրայ (Քուսպա) տեղի ունեցաւ «Քափ-390»-ի մոթորսայքլինկի Գ. եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումը: Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներ, որոնց ընթացքին տիրապետեցին «Քէյ. Թի. Էմ.» եւ «Թոթալ» ակումբներուն մաս կազմող մարզիկները: Բայց եւ այնպէս մրցումները ընթացան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: 3 օգոստոսին պիտի յստականայ 2019 տարուան ախոյեանին անունը, երբ տեղի ունենայ Դ. եւ վերջին...



