Լիբանանի պիչ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կատարեց իր երկրորդ մրցումը, երբ մրցեցաւ Հըրրիէ Սայտայի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց այս մրցումը աւարտեցին փայլուն յաղթանակով մը, երբ 7-0 արդիւնքով ջախջախեցին իրենց մրցակիցը:
Նարեկ Յարութիւնեան նշանակեց երեք կոլ, մինչ երկուքական կոլ նշանակեցին Դաւիթ Պէրպէրեան եւ Խալիլ Աշքինթա:
ՀՄԸՄ-ի երէկուան մրցակիցը նախորդ տարեշրջանին հանդիսացած էր Լիբանանի փոխախոյեան: