Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի խումբը իր մէկ համակիրին ցմահ արգիլեց ֆութպոլի դաշտ մուտք գործել` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ տարեշրջանին ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էր Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Յայտնենք, որ Չելսի իր համակիրներէն չորսին արգիլած էր դաշտ մուտք գործել 2018-2019 տարեշրջանի բոլոր մրցումներուն:
Չելսիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ այդ համակիրին անունը չնշուեցաւ: