Երէկ` հինգշաբթի, 1 օգոստոսին, ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց այս ամսուան նոր դասաւորումը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, վերադառնալով լաւագոյն տասնեակ, գրաւեց 8-րդ դիրքը: Նախորդ ամիս ան 14-րդն էր: Ան իր տրամադրութեան տակ ունի 2765 վարկանշային կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ սովորականին նման կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2882):
Անոր ետին կը գտնուի ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա (2818), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ չինացի Լիրեն Տինկ (2805):



