Անտորրայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Գ. դասակարգի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տօնեց իր առաջին յաղթանակը, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի աղջիկները իրենց յաղթանակը արձանագրեցին Ճիպրալթարի դէմ` 63-33 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կայլա Քեշմեշեան (12 կէտ):



