Այսօր` հինգշաբթի, 1 օգոստոսին, «Նեժի Պիչ»-ի դաշտերուն վրայ (Պահսաս, հիւսիսային Լիբանան) կը սկսի Արեւմտեան Ասիոյ պիչ վոլիպոլի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Ալֆա» ընկերութեան:
1-3 օգոստոս տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Քուէյթ, Օման, Սէուտական Արաբիա եւ Լիբանան:
Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Էլի Ապի Շըտիտ – Ճօ Քազզի (ախոյեան) եւ Նատեր Ֆարես – Շաֆիք Սալիպա (փոխախոյեան) զոյգերը:
Այս ախոյեանութիւնը լաւապէս հիւրընկալելու համար Լիբանան իր բոլոր պատրաստութիւնները տեսաւ, յայտարարեց Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա:
Ան այս առիթով լիբանանցի ամբողջ մարզասէր հասարակութիւնը հրաւիրեց ուղղուելու դաշտ եւ քաջալերելու լիբանանցի մարզիկները:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր պատուիրակութիւնները երէկ հասան Լիբանան եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ: