«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները:
Փիւնիկ, որ հիւրը եղաւ Եապլոնեցի (Չեխիա), արձանագրեց 0-0 արդիւնքով յաղթանակի համազօր հաւասարութիւն մը:
Հայաստանի փոխախոյեանը այսպիսով ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին Գիւմրիի մէջ արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սակայն Հայաստանի բաժակակիր Ալաշկերտ, որ Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) հիւրը եղաւ Շթէուայի, թէեւ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց դուրս մնաց մրցաշարքէն, որովհետեւ երթին Երեւանի մէջ կրած էր 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
 
			


