Մարզական

Ճատրակ. Մարիամ Աւետիսեան Ստացաւ Աղջկանց ՖԻՏԷ-ի Վարպետի Տիտղոս

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ հայրենի երիտասարդ ճատրակ խաղացող Մարիամ Աւետիսեան ստացաւ աղջկանց ՖԻՏԷ-ի վարպետի տիտղոս: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Աւետիսեանը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

«Չեմփիընզ-Լիկ». Ալաշկերտ Երեւան Աւարտեց Իր Ելոյթները Առանց Որեւէ Կէտի

«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Ալաշկերտ Երեւանի աղջկանց խումբը իր ելոյթները աւարտեց այս մրցաշարքին գծով, երբ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց: Զտումի այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին մրցումին, հայկական կազմը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց թրքական Պեշիքթաշէն: Ալաշկերտի աղջիկները նախապէս պարտուած էին նաեւ` Թվենթէէն եւ Լեցզնայէն:

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Վուլվզ – Փիւնիկ

«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան հիւրը կ՛ըլլայ Վուլվզի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին, քիչ մը դժուար ճակատում մը պիտի ըլլայ հայկական կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմը երթին Երեւանի մէջ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը: Վուլվզ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին 0-0...

ՖԻՖԱ-ն Տուգանքի Ենթարկեց Մանչեսթըր Սիթին

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, տուգանքի ենթարկեց Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, անչափահաս (18 տարեկանէն վար) ֆութպոլիստներու տեղափոխութիւններու հետ կապուած օրէնքներու խախտումներուն համար: Անգլիական կազմը, որ ստանձնեց այս խախտումներուն պատասխանատուութիւնը, պիտի վճարէ 370 հազար զուիցերիական ֆրանք: Շատ հաւանական է, որ այս խախտումներուն համար Մանչեսթըր Սիթիին արգիլուի մէկ կամ երկու շրջանի համար մարզիկներու փոխանցումներու ընթացքին նորեկ ֆութպոլիստներ միացնել իր կազմին:

Թենիս. Ֆետերերի Եւ Ճոքովիչի Յաղթական Վերադարձը` Ամսուան Մը Դադարէ Ետք

Նախանցեալ օր Սինսինաթիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկսաւ թենիսի «Մասթըրզ-1000» շարքերու ամէնէն անուանի մրցաշարքերէն մէկը` «Ուեսթըրն էնտ Սաութըրն օփըն»-ը: Առաջին օրը մրցում չունէին կատարելիք Ռոժէ Ֆետերեր եւ Նովաք Ճոքովիչ: Անոնք երկուքն ալ իրենց մրցումները կատարեցին երէկ` ամսուան մը դադարէ ետք: Անոնք վերջին անգամ ճակատեցան (իրարու դէմ) Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքի աւարտականին, որմէ ետք որոշեցին քիչ մը հանգստանալ: Անոնց վերադարձը երէկ...

Հոլանտացի Շնայտըր Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ուեսլի Շնայտըր յայտարարեց, որ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 35 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Ղարաֆան (Քաթար): Սակայն ան հոլանտական Իւթրեխթ խումբին հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, ըստ որուն, ան խումբին կատարած մրցումներուն (անոր դաշտին վրայ կատարուելիք հանդիպումներուն) պիտի հետեւի իրեն տրամադրուած պատուոյ թրիպիւնէն: Ան ծնած է Իւթրեխթի մէջ, Հոլանտա:

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Կազմերը Կ՛արձանագրեն Բաւական Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Կազմերը Կ՛արձանագրեն Բաւական Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը կ՛ընթանան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Մրցումներ կատարող խումբերը մարզական բարձր ոգիով եւ կորովով կը փորձեն յաղթանակներ արձանագրել իրենց քաղաքի խումբերուն համար: Ֆութսալի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց Տնեպրոպետրովսք խումբին դէմ (Ուքրանիա)` 2-1 արդիւնքով: Վաչէ Ղուկասեան նշանակեց Պուրճ Համուտի 2 կոլերը: Նախքան այս մրցումը, 3-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ...

Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոսին, համահայկական 7-րդ խաղերուն մասնակցողները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին: Յիշեցնենք, որ աւելի քան 5300 մարզիկներ` աշխարհի 35 երկիրներէ եւ 145 քաղաքներէ, կը մասնակցին այս խաղերուն:

Պիչ Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Կազմը Աւարտեց Իր Ելոյթները

Լիբանանի պիչ ֆութպոլի 2019 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը աւարտեց իր ելոյթները, երբ կատարեց իր վերջին մրցումը` Շապապ Սահելի դէմ: Թէեւ ՀՄԸՄ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը: ՀՄԸՄ-ի երեք կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Պէրպէրեան, Նարեկ Յարութիւնեան եւ Սերժ Գույումճեան: Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Շապապ Սահել եւս չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտականին: Այս տարեշրջանին...

Թենիս. Պրումմանա Ակումբին Կազմակերպած Մրցաշարքը Հասաւ Իր Աւարտին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Պրումմանա ակումբին կազմակերպած 2019-ի թենիսի տարիքային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 251 երկսեռ մարզիկներ: PROFOTO Երկու շաբաթ տեւած այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին: Աւարտականին բոլոր ճակատումներուն ալ ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին անդամներուն:  

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 9 Գունաւոր Մետալի` Թիֆլիսի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Թիֆլիսի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի կռփամարտի տղոց ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ 9 գունաւոր մետալի (1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ): Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ արձանագրուած այս արդիւնքը կը նկատուի աննախադէպ` Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն ընթացքին: 68 քկ դասակարգին մէջ Սուրէն Առաքելեան տիրացաւ ոսկի մետալին: Արծաթէ մետալակիր դարձան...

Ճատրակ. Սենթ Լուիսի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան «Կրանտ չես-թուր» շարքի արագ ճատրակի Սենթ Լուիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր արձանագրած բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ կը գրաւէ առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 13 կէտ: Անոր ետին կը գտնուի ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւ (9 կէտ): Ա. հանգրուանին Արոնեան յաղթեց Լակրաւին, ապա յաջորդաբար` ռուս Սերկէյ Քարժաքինին եւ ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովին: Ապա ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց չինացի...

Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Բարսեղեան Հեթրիք Մը Իրագործեց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան իր ակումբին` Քայսարի հետ հեթրիք մը իրագործեց (31-րդ, 45+2-րդ եւ 52-րդ), Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն: Անոր իրագործած այս հեթրիքին շնորհիւ, Քայսար 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Աթիրաուի դաշտէն: Այժմ Քայսար 37 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Թոպոլ (42 կէտ):

Ազ Ալքմաարի Դաշտին Տանիքին Մէկ Մասը Փուլ Եկաւ

Հոլանտական Ազ Ալքմաարի ֆութպոլի դաշտին տանիքին մէկ մասը փուլ եկաւ թրիպիւնին վրայ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Որեւէ վիրաւոր չկայ: Նշուեցաւ, որ տանիքին վրայ զետեղուած սարքերը, քիչ մը ծանր եղած են, եւ ատոր պատճառով կատարուած է այս փլուզումը: Հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, ճիշդ այդ դաշտին վրայ, Ազ Ալքմաար պիտի հիւրընկալէր ուքրանական Մարիուփոլը, «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումին: Անոնց միջեւ...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Լիոն 3-0 Արդիւնքով Յաղթական

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 2019-2020 տարեշրջանի բացման մրցումին, Մոնաքօ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնէն: Մոնաքոյէն Սեսք Ֆապրեկաս ստացաւ տարեշրջանի առաջին կարմիր քարտը` 30-րդ վայրկեանին: Նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն` պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Նիմը: Էտինսըն Քաւանի (24-րդ` փենալթիով), Քիլիան Մպափէ (56-րդ) եւ Անխել Տի Մարիա (69-րդ) նշանակեցին փարիզեան կազմին կոլերը: Սակայն Մարսէյ...

«Փրեմիեր-Լիկ» Սիթի, Եունայթըտ Եւ Լիվըրփուլ Մեծ Յաղթանակներով Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանը: Բացման մրցումին, Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նորուիչի դէմ: Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց այդ չորս կոլերէն մէկը: Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Ուեսթ Համի դաշտին վրայ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռահիմ Սթերլինկ իրագործեց տարեշրջանի առաջին հեթրիքը (51-րդ, 75-րդ եւ 90-րդ): Այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մանչեսթըր Եունայթտ, որ աւելի քան 73...

Թենիս. Նատալ Տիրացաւ «Մասթըրզ»-ի Իր 35-րդ Տիտղոսին

Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Մոնրէալի (Քանատա) «Մասթըրզ-1000»-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ռուս Տանիել Մետվետեւի դէմ: 33 տարեկան Նատալ եւ 23 տարեկան Մետվետեւ առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ կը ճակատէին: Նատալ, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին 83-րդ տիտղոսին տիրացաւ, 35-րդ անգամ...

Պարսելոնայի Բերդապահը Աւելի Քան Մէկ Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի բերդապահ Նորպերթու Նեթօ, որ նախորդ շաբաթավերջին, նախքան Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումը (Միացեալ Նահանգներու մէջ) վիրաւորուեցաւ, աւելի քան մէկ ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական մամուլը: Ան այս ամրան ընթացքին Վալենսիայէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա` փոխան 35 միլիոն եւրոյի: Վերոնշեալ մրցումին, Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:  

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կեդրոնատեղիին Մէջ.  Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կեդրոնատեղիին Մէջ. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին Լիբանան Ժամհուր վարժարանին մէջ կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով, պաշտօնապէս յայտարարեց այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու մասին: Այս ախոյեանութեան (12-18 տարեկան երկսեռ մարզիկներ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Պահրէյն, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա,...

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. Հայաստան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութսալի Խումբին Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Յաղթանակը

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ծիրին մէջ, բազմաթիւ մարզախաղերու կողքին, սկսան նաեւ ֆութսալի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութսալի խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ երէկ յետմիջօրէին, Տինամօ մարզադաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեծամօրի կազմը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան, Շանթ Պալեան եւ Մհեր Սիւրմենեան: Համահայկական խաղերը այժմ կը կատարուին...

Page 668 of 1279 1 … 667 668 669 … 1,279

Արխիւներ