Նախորդ շաբաթավերջին Թիֆլիսի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի կռփամարտի տղոց ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ 9 գունաւոր մետալի (1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ):
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ արձանագրուած այս արդիւնքը կը նկատուի աննախադէպ` Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
68 քկ դասակարգին մէջ Սուրէն Առաքելեան տիրացաւ ոսկի մետալին: Արծաթէ մետալակիր դարձան Արթուր Մկրտչեան (56 քկ), Գարիկ Անթանոսեան (65 քկ) եւ Նարեկ Ներսիսեան (54 քկ):
Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Արման Միսկարեան (46 քկ), Գոռ Խուդոյեան (50 քկ), Դաւիթ Սաֆարեան (68 քկ), Դաւիթ Սիմոնեան (72 քկ) եւ Ալպերթ Յարութիւնեան (80 քկ):