«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան հիւրը կ՛ըլլայ Վուլվզի:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին, քիչ մը դժուար ճակատում մը պիտի ըլլայ հայկական կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմը երթին Երեւանի մէջ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը:
Վուլվզ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ: