Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, տուգանքի ենթարկեց Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, անչափահաս (18 տարեկանէն վար) ֆութպոլիստներու տեղափոխութիւններու հետ կապուած օրէնքներու խախտումներուն համար:
Անգլիական կազմը, որ ստանձնեց այս խախտումներուն պատասխանատուութիւնը, պիտի վճարէ 370 հազար զուիցերիական ֆրանք:
Շատ հաւանական է, որ այս խախտումներուն համար Մանչեսթըր Սիթիին արգիլուի մէկ կամ երկու շրջանի համար մարզիկներու փոխանցումներու ընթացքին նորեկ ֆութպոլիստներ միացնել իր կազմին: