Երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոսին, համահայկական 7-րդ խաղերուն մասնակցողները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին:
Յիշեցնենք, որ աւելի քան 5300 մարզիկներ` աշխարհի 35 երկիրներէ եւ 145 քաղաքներէ, կը մասնակցին այս խաղերուն:




