Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան «Կրանտ չես-թուր» շարքի արագ ճատրակի Սենթ Լուիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր արձանագրած բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ կը գրաւէ առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 13 կէտ:
Անոր ետին կը գտնուի ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւ (9 կէտ):
Ա. հանգրուանին Արոնեան յաղթեց Լակրաւին, ապա յաջորդաբար` ռուս Սերկէյ Քարժաքինին եւ ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովին: Ապա ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց չինացի Լին Տիրենի հետ, որմէ ետք յաղթեց աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընին, ապա հաւասարեցաւ քուպացի Լենիեր Տոմինկեսի հետ:
13-15 օգոստոսին տեղի կ՛ունենան կայծակնային հանգրուանի մրցումները: