Նախանցեալ օր Սինսինաթիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկսաւ թենիսի «Մասթըրզ-1000» շարքերու ամէնէն անուանի մրցաշարքերէն մէկը` «Ուեսթըրն էնտ Սաութըրն օփըն»-ը:
Առաջին օրը մրցում չունէին կատարելիք Ռոժէ Ֆետերեր եւ Նովաք Ճոքովիչ:
Անոնք երկուքն ալ իրենց մրցումները կատարեցին երէկ` ամսուան մը դադարէ ետք:
Անոնք վերջին անգամ ճակատեցան (իրարու դէմ) Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի մրցաշարքի աւարտականին, որմէ ետք որոշեցին քիչ մը հանգստանալ:
Անոնց վերադարձը երէկ եղաւ յաղթական:
Զուիցերիացի Ֆետերեր 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Խուան Իկնասիօ Լոնտերոյին (Արժանթին), մինչ սերպ Ճոքովիչ` ամերիկացի Սեմ Քուերէյին (7-5 եւ 6-1):
Մրցաշարքէն կը բացակայի սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ: