Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ուեսլի Շնայտըր յայտարարեց, որ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
35 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Ղարաֆան (Քաթար):
Սակայն ան հոլանտական Իւթրեխթ խումբին հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, ըստ որուն, ան խումբին կատարած մրցումներուն (անոր դաշտին վրայ կատարուելիք հանդիպումներուն) պիտի հետեւի իրեն տրամադրուած պատուոյ թրիպիւնէն:
Ան ծնած է Իւթրեխթի մէջ, Հոլանտա: