«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Ալաշկերտ Երեւանի աղջկանց խումբը իր ելոյթները աւարտեց այս մրցաշարքին գծով, երբ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց:
Զտումի այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին մրցումին, հայկական կազմը 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց թրքական Պեշիքթաշէն:
Ալաշկերտի աղջիկները նախապէս պարտուած էին նաեւ` Թվենթէէն եւ Լեցզնայէն: