Քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի բերդապահ Նորպերթու Նեթօ, որ նախորդ շաբաթավերջին, նախքան Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումը (Միացեալ Նահանգներու մէջ) վիրաւորուեցաւ, աւելի քան մէկ ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական մամուլը:
Ան այս ամրան ընթացքին Վալենսիայէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա` փոխան 35 միլիոն եւրոյի:
Վերոնշեալ մրցումին, Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: