Լիբանանի պիչ ֆութպոլի 2019 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը աւարտեց իր ելոյթները, երբ կատարեց իր վերջին մրցումը` Շապապ Սահելի դէմ:
Թէեւ ՀՄԸՄ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը:
ՀՄԸՄ-ի երեք կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Պէրպէրեան, Նարեկ Յարութիւնեան եւ Սերժ Գույումճեան:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Շապապ Սահել եւս չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտականին:
Այս տարեշրջանին իր կատարած հինգ մրցումին ընթացքին, ՀՄԸՄ արձանագրեց յաղթանակ մը եւ կրեց չորս պարտութիւն:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ՀՄԸՄ աւելի բարելաւէ իր խաղարկութիւնը:



