Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլի Եւ Արսենալի Երկրորդ Յաղթանակը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Լիվըրփուլ եւ Արսենալ արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը: Լիվըրփուլ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սաութհեմփթընի դաշտէն` շնորհիւ Սանտրօ Մանէի (45-րդ) եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինիոյի (71-րդ) նշանակած կոլերուն: Արսենալ եւս ապահովեց տարեշրջանի իր վեցերորդ կէտը` 2-1 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Պըրնլիին: Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ նշանակեց Արսենալի յաղթանակի կոլը (64-րդ):...

Ակումբներու Վաճառքի Պատմութեան Մէջ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ

Ռուս հանրածանօթ գործարար` Միհայիլ Փրոխորով որոշեց ծախել պասքեթպոլի Պրուքլին Նեթց ակումբը: «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս ակումբը գնեց չինացի գործարար Ժոզեֆ Ցայ, որ «Ալիպապա» ընկերութեան հիմնադիրն է, յայտնեց «Քլաչ Փոյնթց»-ը: Մէկ տարի առաջ Ցայ Պրուքլինի 49 տոկոս բաժնետոմսերուն համար վճարած էր մէկ միլիառ ամերիկեան տոլար: Ըստ կնքուած համաձայնագրին, ան այժմ միւս 51 տոկոս բաժնետոմսերուն համար վճարեց 1,35 միլիառ ամերիկեան տոլար: Ընդհանուր...

Էտեն Հազար Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի նորեկ Էտեն Հազար, որ նախորդ 16 օգոստոսին փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց հանրածանօթ «Մարքա» մարզական օրաթերթը: 28 տարեկան պելճիքացի յառաջապահը այս ամրան ընթացքին, փոխան 100 միլիոն եւրոյի, Չելսիէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ:

Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի 3-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան.  Պաշտօնական Բացում` Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու

Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի 3-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան. Պաշտօնական Բացում` Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու

Հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու 3-րդ ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Անիկա կ՛աւարտի կիրակի, 18 օգոստոսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը նախարար Մահմուտ Քումաթի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Միջազգային եւ Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Տահլան Համատ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ...

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Խումբերը Հասան Քառորդ Աւարտականին

Այսօր` Փակման Հանդիսութիւնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի աւարտականի ճակատումները, ինչպէս նաեւ բոլոր աւարտականները: Թեհրան - Կլենտէյլ աղջկանց աւարտականին պիտի յաջորդէ Պեվըրլի Հիլզ - Կլենտէյլ տղոց աւարտականը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց կազմը հասաւ քառորդ աւարտականին, ուր 46-40 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թեհրանէն: Տղոց ֆութսալի մրցումներուն,...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Չինաստան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ Քոնկ ֆու-ուու շուի տարիքային ախոյեանութեան, Լիբանանի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Չինաստան: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-24 օգոստոսին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին նախագահը` Ժորժ Նըսէյր: Չինաստան մեկնած լիբանանցի մարզիկներուն շարքին է նաեւ Ճէյսըն Աբիկեան, որ պիտի մասնակցի թաու-լուի մրցումներուն: Իր ձեռք ձգած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ, Աբիկեան յաջողեցաւ մաս կազմել Լիբանանի ազգային խումբին: Չինաստանի...

Մինի Ֆութպոլ. Ռապուէ Տիրացաւ Լիբանանեան Գիւղերու Մրցաշարքի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ զօրակցութեամբ Քահքուրի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան հետեւեալ ութ գիւղերուն խումբերը. Զապպուղա, Խընշարա, Պէյթ Մերի, Տահր Սըուան, Ռապուէ, Քահքուր, Տըլպ եւ Քասայպա: Ռապուէ տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, աւարտականին մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Քահքուրի դէմ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսին Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Կայացման Գծով

Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին կազմակերպիչ միութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտնեց, որ հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը` Քասլիքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ: Այս ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:  

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` Սենթ Լուիսի Գերմրցաշարքի Տիտղոսակիր

Հայկական ճատրակի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ եւ կայծակնային ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Արոնեան առաւելագոյն 36 կէտէն ապահովեց 22 կէտ եւ կէս կէտի առաւելութեամբ իր ետին ձգեց Լիրեն Տինկը, (Չինաստան), Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւը (Ֆրանսա) եւ Եանկի Եուն (Չինաստան): Ամէնէն քիչ կէտը ապահովեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովը (12), որ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն սկսելէն ետք, շաբաթավերջին կը սկսին նաեւ Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ ախոյեանութեան մրցումները: Սպանիոյ մէջ, ախոյեան Պարսելոնա երէկ հիւրը եղաւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյին, մինչ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ հիւրընկալեց Հերթա Պերլինը: Նշենք, որ Սպանիոյ ախոյեանը 1-0 արդիւնքով պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը: Աթլեթիքօ Պիլպաօ իր կոլը նշանակեց... 89-րդ վայրկեանին: Իսկ Պայէրն Միւնիխ իր առաջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց:...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»- Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Լիվըրփուլ Տիրացաւ Տիտղոսին` Փենալթիներով (5-4) Յաղթելէ Ետք Չելսիին

Հինգշաբթի, 14 օգոստոսին, Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) գտնուող «Պեշիքթաշ Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Լիվըրփուլ-Չելսի զուտ անգլիական ճակատումը: Լիվըրփուլ տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ: Լիվըրփուլի կոլերը նշանակեց Սատիօ Մանէ (48-րդ եւ 95-րդ), իսկ Չելսիի կոլերը` Օլիվիէ Ժիրու (36-րդ) եւ Ժորժինիօ (101-րդ` փենալթիներով): Լիվըրփուլ չորրորդ...

Կռփամարտ. Անպարտելի Գոռ Երիցեան Շաբաթավերջին Կը Կատարէ Իր 11-րդ Մենամարտը

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Գոռ Երիցեան, այս շաբաթավերջին (շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերը) Միացեալ Նահանգներու Պըրպենք քաղաքին մէջ կը կատարէ իր արհեստավարժ ասպարէզին 11-րդ մենամարտը, յայտնեց «Փանչ Պոքսինկ Արմինիա» կայքը: 8 ռաունտնոց այս մենամարտին Երիցեան պիտի մրցի ամերիկացի Տերիըն Չափմանի դէմ: Երիցեան ցարդ իր կատարած 10 մենամարտերէն բոլորին ալ յաղթած է, մինչ անոր...

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ Նոյն Արդիւնքով Պարտուեցաւ` Այս Անգամ Անգլիոյ Մէջ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Փիւնիկ Երեւան, չկրցաւ շրջանցել «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի արգելքը, երբ դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ նոյն արդիւնքով (4-0) պարտուեցաւ` այս անգամ Անգլիոյ մէջ, հիւրընկալ խումբէն` Վուլվզէն: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն անգլիական կազմը, Բ. կիսախաղին նշանակեց չորս կոլ, յաջորդաբար` 54-րդ, 58-րդ, 64-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:

Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգներու Ազգային Խումբին Ոչ Համոզիչ Պատրաստութիւնները

Ինչպէս ծանօթ է, 31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր Չինաստան պիտի հիւրընկալէ ՖԻՊԱ պասքեթպոլի տղոց աշխարհի ախոյեանութիւնը: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը պատրաստուին անոր` կատարելով շարք մը բարեկամական մրցումներ` վերջնականապէս յստակացնելու համար իրենց կազմերը: Անոնց կարգին եղան բնականաբար Միացեալ Նահանգներ, որոնք սակայն ոչ համոզիչ արդիւնքներ արձանագրեցին եւ կրեցին երկու պարտութիւն` «Ճի.» լիկայի եւ ոչ ամերիկեան լիկաներու պասքեթպոլիստներէն...

«Եւրոպայի Լիկա».  Արարատ – Արմենիա Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

«Եւրոպայի Լիկա». Արարատ – Արմենիա Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ - Արմենիա երէկ երեկոյեան արձանագրեց պատմական յաղթանակ մը, երբ պարտութեան մատնեց Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալոն` 2-0 արդիւնքով: Երթին Արարատ Արմենիա Երեւանի մէջ կրած էր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Երէկուան կոլերը նշանակեցին Անթոն Քոպիալքօ (10-րդ) եւ Տիգրան Աւետիսեան (67-րդ` փենալթիով): Այսպիսով, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական ակումբ մը կը...

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու 3-րդ Ախոյեանութիւն.  Այսօր Պաշտօնական Բացումը` Ժամը 16:00-ին

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու 3-րդ Ախոյեանութիւն. Այսօր Պաշտօնական Բացումը` Ժամը 16:00-ին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 15-18 օգոստոսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը: Անցնող քանի մը օրերուն Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անձնակազմը ամբողջացուց իր աշխատանքները` լաւապէս հիւրընկալելու համար այս ախոյեանութիւնը: Երէկ` չորեքշաբթի, 14 օգոստոսին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ) ֆետերասիոնը յատուկ նիստ-ժողով մը գումարեց այս ախոյեանութեան մասնակցող հետեւեալ տասը...

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութսալի Եւ Պասքեթպոլի Խումբերը Անցան Յաջորդ Հանգրուան

Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղեր. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Ֆութսալի Եւ Պասքեթպոլի Խումբերը Անցան Յաջորդ Հանգրուան

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն, ֆութսալի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Երեւանի պետական համալսարանի խումբէն: Պուրճ Համուտի կազմին միակ կոլը նշանակեց Աւագ Պալապանեան: Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան (խմբակներու դրութեամբ վերջին հանգրուան), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը, ուր այսօր` հինգշաբթի, 15 օգոստոսին կը...

Ըմբշամարտ.  Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանը Մնաց Առանց Մետալի

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանը Մնաց Առանց Մետալի

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, 65 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար գործող ախոյեան Վազգէն Թեւանեան մնաց առանց մետալի` նկատի ունենալով, որ ան պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուրպազ Թալքաթէն (Ղազախստան): Թեւանեանէն առաջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ նոյնպէս պարտուած էր Վրէժ Գէորգեան (57 քկ):...

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Արմէն Բարսեղեան` 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արմէն Բարսեղեան` 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արմէն Բարսեղեան հանդիսացաւ Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց պատանի ախոյեանին այս նուաճումը` անոր եւ անոր մարզիչին` Վահագն Խաչատրեանին մաղթելով նորանոր նուաճումներ: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց նաեւ Ռոպերթ Փիլիպոսեանը, որ հանդիսացաւ Եւրոպայի 12 տարեկանէն վար ախոյեանութեան փոխախոյեան: Անոր մարզիչն է Զաւէն Անդրէասեան: Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29...

«Կրանտ Չես Թուր». Արոնեան Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Յաղթեց Ազրպէյճանցի Մամետեարովին

Հայկական ճատրակի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ չես թուր» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, երկրորդ անգամ ըլլալով յաղթեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովին: Կայծակնային ճատրակի առաջին մրցումին, Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ: Սակայն երկրորդ մրցումին ան սեւ քարերով յաղթեց Մամետեարովին` 82-րդ շարժումին: Սենթ Լուիսի մրցաշարքը «Կրանտ չես...

Page 667 of 1279 1 … 666 667 668 … 1,279

Արխիւներ