Հոլանտական Ազ Ալքմաարի ֆութպոլի դաշտին տանիքին մէկ մասը փուլ եկաւ թրիպիւնին վրայ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Որեւէ վիրաւոր չկայ:
Նշուեցաւ, որ տանիքին վրայ զետեղուած սարքերը, քիչ մը ծանր եղած են, եւ ատոր պատճառով կատարուած է այս փլուզումը:
Հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, ճիշդ այդ դաշտին վրայ, Ազ Ալքմաար պիտի հիւրընկալէր ուքրանական Մարիուփոլը, «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով: