Մարզական

Վոլիպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի Արաբական Ախոյեանութեան

6-13 սեպտեմբերին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի պիտի ունենայ վոլիպոլի կրտսերներու արաբական 15-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան, որ նախորդ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Յորդանան` այս ախոյեանութեան պատրաստուելու: Յորդանանի մէջ խումբը առաւօտեան կը կատարէ փորձեր, իսկ յետմիջօրէին` բարեկամական մրցումներ: Ախոյեանութեան բացման մրցումին` ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին, ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան պիտի մրցի հիւրընկալ կազմին` Յորդանանի դէմ:    

Եւրօ-2020. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

Երէկ` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուիլ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կայանալիք մրցումին` Իտալիոյ դէմ: Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած առաջին փորձին մասնակցեցան 21 ֆութպոլիստներ: Բացակայեցան Վարազդատ Հարոյեան, Անտրէ Չալըշըր, Հենրիխ Մխիթարեան եւ Էրիկ Վարդանեան: Յաւելեալ փորձառութիւն ունենալու համար, փորձերուն մասնակցեցան նաեւ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին ֆութպոլիստներ Վահան Բիչախչեան, Արթուր Նադիրեան, Երջանիկ...

Եւրօ-2020. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Իրաւարարները` Գերմանիայէն

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Եւրօ-2020) զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը վաղը` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, պիտի հիւրընկալէ Իտալիան: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին համար, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ իրաւարարները նշանակուած են Գերմանիայէն:

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յայտարարուեցաւ Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

6-22 սեպտեմբերին ռուսական Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Երէկ յայտարարուեցաւ Հայաստանի հաւաքականին կազմը, որմէ ետք հայկական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ մրցավայր: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ մարզիչներ Վահան Ադիլխանեանի եւ Կարէն Ղազարեանի գլխաւորութեամբ, Եքաթերինպուրկի մէջ հանդէս պիտի գան հետեւեալ մարզիկները. Արթուր Յովհաննիսեան (52 քկ), Էրիկ Պետրոսեան (57 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (63 քկ), Կորիւն Ասթոյեան (69 քկ),...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Միացեալ Նահանգներ Եւ Պրազիլ Կէտի Մը Տարբերութեամբ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Չինաստանի մէջ շարունակուող 2019-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ: Միացեալ Նահանգներ (Ե. խմբակ) եւ Պրազիլ (Է. խմբակ), կէտի մը տարբերութեամբ միայն յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Թուրքիոյ (93-92) եւ Յունաստանի (79-78) դէմ: Միացեալ Նահանգներու արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակը եղաւ քիչ մը դժուար, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն (չորս քորթըրները` (81-81): Է. խմբակին...

Մեսսի Հռոմի Պապին Հիմնադրամին Կողմէ Մրցանակի Արժանացաւ

Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի, Հռոմի պապին հիմնադրամին կողմէ յատուկ մրցանակի արժանացաւ: Լուրը հաղորդեց անոր ակումբին կայքը: Հռոմի պապին անունով Մեսսի նուէր ստացաւ Մոզամպիքի մէջ բնակող երեխաներու կողմէ պատրաստուած գնդակ, զոր արժանթինցի մարզիկին յանձնուեցաւ անոր ազնուութեան, յարգանքի եւ խումբին նկատմամբ նուիրուածութեան համար: Նշենք, որ այս մրցանակին յաղթողին անունը ճշդուեցաւ քուէարկութեամբ: Անոր մասնակցեցան 191 երկիրներէ, հինգ...

Տարուան Մը Համար` Իքարտի Տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն

Ինթեր Միլանի մաս կազմող արժանթինցի 26 տարեկան յառաջապահ Մաուրօ Իքարտի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ֆրանսացի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Ան մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեն Ժերմենի հետ` փոխատուութեամբ: Իքարտի, որ մերժեց շարք մը ակումբներէն իրեն ներկայացած առաջարկը` որոշելով միանալ Սեն Ժերմենի, մինչեւ 30 յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ինթեր Միլանի հետ:  

Նաւաս Տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմէն, Արէոլա` Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: Այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը: Նաւասի տեղափոխութեան դիմաց, Ռէալ Մատրիտ մէկ տարիով փոխ առաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի բերդապահ` Ալֆոնսօ Արէոլային, որ լիկ-1-ի 2019-2020 տարեշրջանին ցարդ մասնակցած է երեք մրցումի: Նշենք, որ Նաւաս, Ռէալի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2014-էն ի վեր: 32...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Էլինա Սվիթոլինա Հասաւ Կիսաւարտական Հանգրուան

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինա ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի դէմ: 5-րդ դասուած ուքրանացին, որ իր մրցակիցին դէմ ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, նախորդ յուլիսին եւս հասած...

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի.  Քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին… Երկար Տարիներ Սպասելէ Ետք

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի. Քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին… Երկար Տարիներ Սպասելէ Ետք

Կիրակի, 1 սեպտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Շաբաթ, 31 օգոստոսին սկսած այս ռելիին 14 անգամ տիրացած (մրցանիշ մը) լիբանանցի Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ կը վարէր «Սքոտա Ֆապիա Ար.-5» ինքնաշարժը, անբախտ դուրս եկաւ: Ան իր ունեցած ինքնաշարժի արկածին պատճառով ռելին չկրցաւ շարունակել: Այս արկածը...

ՀՄԸՄ-Ի կեդրոնական վարչութեան  Ա. լիագումարի հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հասաւ Մինչեւ Քառորդ Աւարտական

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 14 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները: Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը 78-71 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Էներժիի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Սակայն ՀՄԸՄ-ի կազմը չկրցաւ հասնիլ կիսաւարտական հանգրուան` Չեմփսէն քիչ մը ծանր պարտութիւն մը կրելուն պատճառով` 104-54 արդիւնքով:

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոն – Մուայ Թայ Փրոթոքոլային Պայմանագիրի Կնքում

Յատուկ առիթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), տեղի ունեցաւ փրոթոքոլային պայմանագիրի կնքում` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին եւ Մուայ Թայի ֆետերասիոնին միջեւ, ներկայութեամբ շարք մը հրաւիրեալներու: Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շատ կարեւոր քայլ մը նկատեց այս գործակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա իր իւրայատուկ ներդրումը կ՛ունենայ թեքուանտոյի մարզիկներուն համար: Իսկ Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Սեմի Քըպլաուի...

Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին. Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 13-14 սեպտեմբերին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ուզպեքիստանը` թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի Ա. խմբակին ծիրին մէջ (աւարտական հանգրուան): Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), կէսօրուան ժամը 12:30-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: Լիբանանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն Պենժամին Հասան, Հատի Հապիպ, Ճիովանի Սըմահա,...

Վոլիպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Յորդանան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 6-13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական վոլիպոլի կրտսերներու 15-րդ ախոյեանութեան, կիրակի, 1 սեպտեմբերին, Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան): Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռաֆիք Իսսա, իսկ խումբին մարզիչն է Ուիլիըմ Ասմար: Ախոյեանութեան կը մասնակցին 12 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Օմանը եւ Յորդանանը: Ախոյեանութեան բացման...

Եւրօ-2020. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Տոմսերը` Սպառած

Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Իտալիան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին տոմսերը ամբողջութեամբ սպառած են: Ֆետերասիոնը հայրենի համակիրներուն շնորհակալութիւն յայտնելով յոյս յայտնեց, որ համակիրները հանրապետական մարզադաշտ հասնին մրցումի ազդանշանին տրուելէն նուազագոյնը մէկ ժամ առաջ` խճողումին առաջքը առնելու համար: ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, յայտարարուեցաւ, որ 5 սեպտեմբերին...

Եւրօ-2020. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Կազմը` Իտալիոյ Եւ Պոսնիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումներուն

5 եւ 8 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը կատարէ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր հինգերորդ եւ վեցերորդ մրցումները` յաջորդաբար մրցելով Իտալիոյ եւ Պոսնիոյ դէմ: Այս երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին համաձայն, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց հրաւիրած է հետեւեալ 25 ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արամ Հայրապետեան, Անաթոլի Այվազով (Ուրարտու), Արման Մելիքսէթեան (Նոա),...

«Չեմփիընզ Լիկ». Հայաստանի Ախոյեան Լէօ Անցաւ Յաջորդ Հանգրուան

Մոնթենեկրոյի մայրաքաղաք Փոտկորիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի զտումի հանգրուանի Թ. խմբակի Թիթոկրատ (Մոնթենեկրօ) - Լէօ (Հայաստան) ճակատումը: Հայաստանի ախոյեանը այս ճակատումէն յաղթական դուրս եկաւ 4-1 արդիւնքով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Յաջորդ հանգրուան հասնելով Լէօ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Նովօ Վրեմիէ Մաքարսքան (Խրուաթիա), Օմոնիան (Կիպրոս) եւ այլ խումբ մը եւս (Բ. խմբակին յաղթականը):  

Մխիթարեան Փոխ Տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմային

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ գիշեր Արսենալէն փոխ տրուեցաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: Մխիթարեան իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 77 մարզաշապիկը: Ան մինչեւ տարեշրջանին աւարտը ելոյթ պիտի ունենայ իտալական կազմին հետ: Անոր փոխանցման համար Ա. Էս. Ռոմա լոնտոնեան ակումբին վճարեց 4 միլիոն եւրօ: Յառաջիկայ ամրան ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա կրնայ Մխիթարեանի...

Հայկական Մարզաշխարհ. Յունահռոմէական Ըմբշամարտի Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակեց Էդուարդ Սահակեանը: Երկրորդ մարզիչն է` Սամուէլ Գէորգեան, իսկ մարզիչ` Գէորգ Ալեքսանեան: Այսօր` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, անոնք երեքը պիտի յայտարարեն Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին կազմը: Յայտնենք, որ ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան ներկայացուց իր հրաժարականը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն` խումբը մեղադրելով իր դէմ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արազ Օզպիլիս` Փիւնիկի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս նախորդ շաբաթավերջին ազատ մարզիկի կարգավիճակով միացաւ Փիւնիկին, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յիշեցնենք, որ շուրջ 10 օրեր առաջ անոր նախկին ակումբը` Պեշիքթաշ, խզեց իր պայմանագրութիւնը 29 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Օզպիլիս, որ Այաքս Ամսթերտամի մարզադպրոցէն ելած է, Հայաստանի շապիկը կը կրէ 2012-էն ի վեր: Ան 39 մրցումի ընթացքին նշանակած է 6 կոլ:  

Page 660 of 1279 1 … 659 660 661 … 1,279

Արխիւներ