Ինթեր Միլանի մաս կազմող արժանթինցի 26 տարեկան յառաջապահ Մաուրօ Իքարտի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ֆրանսացի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
Ան մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սեն Ժերմենի հետ` փոխատուութեամբ:
Իքարտի, որ մերժեց շարք մը ակումբներէն իրեն ներկայացած առաջարկը` որոշելով միանալ Սեն Ժերմենի, մինչեւ 30 յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ինթեր Միլանի հետ: