Երէկ` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուիլ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կայանալիք մրցումին` Իտալիոյ դէմ:
Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած առաջին փորձին մասնակցեցան 21 ֆութպոլիստներ: Բացակայեցան Վարազդատ Հարոյեան, Անտրէ Չալըշըր, Հենրիխ Մխիթարեան եւ Էրիկ Վարդանեան:
Յաւելեալ փորձառութիւն ունենալու համար, փորձերուն մասնակցեցան նաեւ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին ֆութպոլիստներ Վահան Բիչախչեան, Արթուր Նադիրեան, Երջանիկ Ղուբասարեան եւ Յովհաննէս Նազարեան: Այս լուրը հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: