Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ գիշեր Արսենալէն փոխ տրուեցաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:
Մխիթարեան իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 77 մարզաշապիկը:
Ան մինչեւ տարեշրջանին աւարտը ելոյթ պիտի ունենայ իտալական կազմին հետ:
Անոր փոխանցման համար Ա. Էս. Ռոմա լոնտոնեան ակումբին վճարեց 4 միլիոն եւրօ:
Յառաջիկայ ամրան ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա կրնայ Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ունենալ 15 միլիոն եւրոյով: