Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի, Հռոմի պապին հիմնադրամին կողմէ յատուկ մրցանակի արժանացաւ: Լուրը հաղորդեց անոր ակումբին կայքը:
Հռոմի պապին անունով Մեսսի նուէր ստացաւ Մոզամպիքի մէջ բնակող երեխաներու կողմէ պատրաստուած գնդակ, զոր արժանթինցի մարզիկին յանձնուեցաւ անոր ազնուութեան, յարգանքի եւ խումբին նկատմամբ նուիրուածութեան համար:
Նշենք, որ այս մրցանակին յաղթողին անունը ճշդուեցաւ քուէարկութեամբ: Անոր մասնակցեցան 191 երկիրներէ, հինգ հարիւր հազարէն աւելի ուսումնական հաստատութիւններ: