Մարզական

Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբերին. Մարզական Շարք Մը Անձնաւորութիւններ Պիտի Պարգեւատրուին

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) մարզական շարք մը անձնաւորութիւններ պիտի պարգեւատրուին լիբանանեան մարզաշխարհի զարգացման մէջ իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումին համար: Պարգեւատրեալները պիտի ըլլան` Հաշեմ Հայտար, Ժասեմ Քանսօ, հանգստեան կոչուած զօր. Սուհէյլ Խուրի, Աքրամ Հալապի, Ռոլան Սաատէ, Սեմի Քըպլաուի, Ալեն Սայեղ եւ Եուսեֆ Խալիլ:

Լիբանան Ունեցաւ Գեղասահքի Իր Նոր Ֆետերասիոնը

  Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հրամանագիրով Լիբանան ունեցաւ գեղասահքի իր նոր ֆետերասիոնը, որուն վարչութեան կազմը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ օրինական: Ստորեւ` ֆետերասիոնին վարչութեան կազմը. Ժան Փոլ Սատեր (նախագահ), Ռիմա Օսման Օսման (փոխնախագահ), Թանիա Քարիմ Նոհրա (ընդհանուր քարտուղար), Ժոաննա Ժան Համմամ (գանձապահ), Թիա Նեժի Արաժի (թեքնիք պատասխանատու), Ղինա Անթուան Շեհուան, Ժատ Հասսան Ռըսթոմ եւ Ճօ Հանրի Ղաթթաս (խորհրդականներ): Նոր վարչութիւնը իր...

Ճատրակ. Աշոտ Վարդապետեան` Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին Գլխաւոր Իրաւարարը

Հայաստանի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան նշանակուեցաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր, ռուսական Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ: Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ եգիպտացի Իսամ Ճունտի, Սերկէյ Մովսիսեան կը մրցի ռուս Կրիկորի Օփարինեւ, իսկ Ռոպերթ Յովհաննիսեան` ռուս...

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց 2022-ի Մոնտիալին Նշանակը

Հանդիպումի մը ընթացքին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին նշանակը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր` Քաթարի 8 քաղաքներու մէջ: Նշանակը կ՛ընդգրկէ արաբական մշակոյթի տարրեր: Անիկա ունի 8 թուանշանի տեսքը, որ կը խորհրդանշէ ախոյեանութեան 8 մարզադաշտերը:

Պայէրն Միւնիխ Յայտարարեց Իր Մրցանշային Շահին Մասին

2018-2019 տարեշրջանին Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի շահը աւելցած է 78 առ հարիւրով, յայտնեց գերմանական «Պիլի» մարզաթերթը: Անոր եկամուտը կազմած է 750,5 միլիոն եւրօ, ինչ որ մրցանշային ցուցանիշ է ակումբին պատմութեան մէջ: Եկամուտը գոյացած է հովանաւոր ընկերութիւններու հետ կնքուած պայմանագիրներէն, մրցումներու պատկերասփռումներէն եւ «Ալիաս Արենա» մարզադաշտ մեծաթիւ այցելութիւններու շնորհիւ: 750,5 միլիոն եւրոյէն 52,5 միլիոն եւրոն կազմած է Պայէրնի զուտ շահը:

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի, Ֆրանսայի Եւ Աւստրալիոյ Երրորդ Յաղթանակը

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ: Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Ֆրանսա եւ Աւստրալիա արձանագրեցին իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը: Գերմանիա - Յորդանան մրցումէն Այլ գետնի վրայ, յաջորդական երկու պարտութիւն կրելէ ետք, Գերմանիա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 96 - 62 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Յորդանանը: Թուրքիա կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը Չեխիայէն` 91 -...

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Նատալ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր աւարտին հասնող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ աշխարհի երկրորդ դասուած սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-4, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանի դէմ: Նատալի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Մաթէօ Պերեթինի, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ֆրանսացի Կայել Մոնփիսի դէմ` 3-6, 6-3, 6-2, 3-6, եւ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Նոր Տարեշրջանին Նախօրեակին. «ՀՄԸՄ-ին Հետ Պիտի Ըլլանք Նոր Տարեշրջանին Ազդանշանը Տրուելէն Սկսեալ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վահրամ Պարսումեան

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Պարսումեանին հետ: Պարսումեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին պատրաստութիւններն ու կատարուած աշխատանքները` միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն գծով, ինչպէս նաեւ փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ նոր տարեշրջանին կիրարկուելիք որոշումներուն մասին: Ստորեւ` հարցազրոյցին շահեկան...

2022-ի Մոնտիալ – Ասիա-2023. Այսօր` Հիւսիսային Քորէա – Լիբանան

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախանցեալ օր ժամանեց Փիոնկեանկ (Հիւսիսային Քորէա), այսօր` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, ժամը 11:30-ին, (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ այս մրցումը կը կատարուի Քաթար-2022-ի մոնտիալի եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ ախոյեանութիւններուն մրցումներուն ծիրին մէջ: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած վերջին մրցումը, որ կատարուած էր 6 սեպտեմբեր 2017-ին, Ասիոյ 2019-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, աւարտած էր...

Եւրօ-2020. Այսօր` Հայաստան – Իտալիա

Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը կատարէ զտումի իր հինգերորդ մրցումը` Ժ. խմբակին մէջ, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրընկալելով Իտալիան: Իտալիա, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, 12 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Իսկ հայրենի կազմը, որ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, 6 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Յաղթանակ...

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի.  «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» – «Թոթալ» Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» – «Թոթալ» Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

Հաղորդած էինք, որ նախորդ շաբաթավերջին, երեք օրեր շարունակ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին: Վերջին քանի մը տարիներուն նման, այս տարի եւս, անոր գլխաւոր հովանաւորը եղաւ «Թոթալ» ընկերութիւնը, որ, գործակցաբար «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կը յաջողի ստեղծել յիշատակելի պահեր` ըլլա՛յ հանդիսատեսներուն, եւ ըլլա՛յ անոր մասնակցող վարորդներէն ոմանց հետ: Նախորդ տարի «Ար. Փի. Էմ.» վազքուղիին վրայ (Մթէյն) «Թոթալ» իրականացուց երիտասարդի մը...

Պասքեթպոլ. Հուսամետտին Հարիրիի Անուան 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Մամլոյ Ասուլիս` Մաժտալիունի Մէջ

10-17 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հուսամետտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը, կազմակերպութեամբ Ֆիտաա Սայտա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, կազմակերպիչ ակումբը այսօր, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը Մաժտալիունի մէջ (Սայտա), ներկայութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան` Պահիա Հարիրիի: Նշենք, որ մրցաշարքը, նախորդներուն նման, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի Սաէպ Սալամ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Զուք Հանդիսացաւ 40 Տարեկանէն Վեր Տղոց Ախոյեան

Սփորթց-Մանիա ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած 40 տարեկանէն վեր տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով, վերջ գտաւ աւարտական մրցումով: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վեց խումբերը` Զուք, Քահրապա, «Էմ.-13, Անուար, Սփաքեթ, Շանվիլի շրջանաւարտներ: Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած աւարտականին Զուք, 68-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Քահրապայի դէմ, տիրացաւ տիտղոսին:...

2019-2020 Տարեշրջանի Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքեր.  Հայաստանը` 10 Զօրաւոր Երկիրներուն Կարգին

Եւրօ-2020. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 9 Մրցումներ` Չորս Խմբակներու Մէջ

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենան 9 մրցումներ` չորս խմբակներու մէջ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան 9 ճակատումներ: Զ. խմբակին մէջ բաւական հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Ռումանիա - Սպանիա ճակատումը: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Դ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Ճիպրալթար - Դանիա 21:45 Իրլանտա - Զուիցերիա 21:45 Զ. ԽՄԲԱԿ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Վենեզուելլա Յաղթեց Չինաստանի` 72-59 Արդիւնքով

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ հիւրընկալ երկիրը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Վենեզուելլայէն, 72-59 արդիւնքով: Չորս խումբեր` Լեհաստան, Արժանթին, Սպանիա եւ Սերպիա, երէկ յաջողեցան արձանագրել իրենց յաջորդական երրորդ յաղթանակը:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Ֆետերեր Չկրցաւ Հասնիլ Կիսաւարտականին

Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր չյաջողեցաւ ապահովել Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Կրիկոր Տիմիթրով Ան դուրս մնաց մրցաշարքէն 6-3, 4-6, 6-3, 4-6 եւ 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրովէն: Աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար ան այժմ պէտք...

Պետմինթըն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի պետմինթընի պատուիրակութիւնը` Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արաբական ախոյեանութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք: Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ պատուիրակութիւնը արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան: Անոնք դիմաւորուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմի, Պետմինթընի միջազգային ֆետերասիոնին փոխնախագահ, Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին նախագահ Ժասեմ Քանսոյի, միջազգային ողիմպիական դասախօս, Մոն լա Սալ ակումբին նախագահ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու.  Լիբանանի Մասնակցութիւնը Ասիական Երկիրներու Կրտսերներու Ախոյեանութեան

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Մասնակցութիւնը Ասիական Երկիրներու Կրտսերներու Ախոյեանութեան

Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի կրտսերներու ազգային խումբը 16-24 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պրունէյի մէջ (Ասիա) տեղի ունեցած Ասիոյ քոնկ ֆու-ուու շուի տարիքային ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ մարզիկները. Կայել Հանքաշ, Կուինտա Ֆաուազ, Ճէյմի Ազար, Քրիս Տըրղամ, Ճոյ Հաշեմ եւ Այնճարի Սեւ գօտիներու մարզիկ` Ճէյսըն Միհրան Աբիկեան: Նշենք, որ Աբիկեան, կը վայելէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութիւնը: Այս առիթով,...

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ախոյեանութեան Բ. Եւ Գ. Հանգրուանի Առաջին Օրուան Մրցումներուն Արդիւնքները

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց մեծերու Գ. հանգրուանի մրցումները: Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 194 երկսեռ մարզիկներ: Մրցումներուն մասնակցած չորս հայեր` Կի Ադամեան (45 քկ եւ վար), Յարութիւն Օհանեան (87 քկ եւ վար), Էլիա Չամիչեան (41 քկ եւ վար) եւ Վալերիա...

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին պատրաստուող Պըրժ գրեթէ ամբողջացուց իր կազմը, եւ անոր օտար խաղացողներուն անունները յստակացան: Սթիւըն Սարվոյէն (Կանա), խումբին միացաւ պրազիլցի Թիակօ Ամիրալ, որ նախապէս ելոյթ ունեցած է հիւսիսային Թրիփոլի խումբին հետ` իբրեւ մարզիչ ունենալով գերմանացի Թէօ Պէօքըրին: Նշենք, որ Պըրժի մաս կազմեց նաեւ ղանացի Իսմայիլա Անթիրի (յետսապահ), Սարվօ յառաջապահ է, մինչ Թիակօ` միջնապահ: ԱՆՍԱՐ ակումբին...

Page 659 of 1279 1 … 658 659 660 … 1,279

Արխիւներ