Չինաստանի մէջ շարունակուող 2019-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներ (Ե. խմբակ) եւ Պրազիլ (Է. խմբակ), կէտի մը տարբերութեամբ միայն յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Թուրքիոյ (93-92) եւ Յունաստանի (79-78) դէմ:
Միացեալ Նահանգներու արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակը եղաւ քիչ մը դժուար, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն (չորս քորթըրները` (81-81):
Է. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Տոմինիքեան հանրապետութենէն (70-68), մինչ նոյն խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` Յորդանանի դէմ, 103-64 արդիւնքով:
Ը. խմբակին մէջ Քանատա կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Լիթուանիայէն (92-69):