Յատուկ առիթի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), տեղի ունեցաւ փրոթոքոլային պայմանագիրի կնքում` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին եւ Մուայ Թայի ֆետերասիոնին միջեւ, ներկայութեամբ շարք մը հրաւիրեալներու:
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շատ կարեւոր քայլ մը նկատեց այս գործակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա իր իւրայատուկ ներդրումը կ՛ունենայ թեքուանտոյի մարզիկներուն համար:
Իսկ Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Սեմի Քըպլաուի ըսաւ, թէ այսպիսով Լիբանան կը դառնայ առաջին երկիրը, ուր այս երկու մարզաձեւերու ֆետերասիոնները իրարու հետ կը կնքեն փրոթոքոլային համաձայնագիր մը: