Մարզական

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Զօրաւոր Նկատուող Բոլոր Խումբերն Ալ` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին, Չինաստանի մէջ սկսաւ պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հիւրընկալ երկիրը մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով` 70-55 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փղոսկրեայ Ափունքը: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Արժանթին, Սպանիա, Իտալիա եւ ուրիշներ: Միացեալ Նահանգներ 88-67 արդիւնքով յաղթեցին Չեխիոյ: Ֆրանսա չորս կէտի տարբերութեամբ միայն` 78-74 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ: Քանատա 108-92 արդիւնքով պարտուեցաւ Աւստրալիայէն: Մնացեալ մրցումներուն յիշատակելի անակնկալներ չարձանագրուեցան:  

«Ֆորմիւլա-2». Ֆրանսացի 22 Տարեկան Անթուան Հիւպեր Մահացաւ

Շաբաթ, 31 օգոստոսին, Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-2»-ի մրցումին ընթացքին, իր ինքնաշարժին ունեցած արկածին պատճառով մահացաւ ֆրանսացի 22 տարեկան վարորդ Անթուան Հիւպեր: Իր հաւասարակշռութինւը պահել չկարենալով` Հիւպեր բախեցաւ վազքուղիին կողմը գտնուող պատնէշին: Անոր ինքնաշարժին զարնուեցան 2 այլ ինքնաշարժներու վարորդները` Խուան Մանուէլ Քորէա եւ Մարինօ Սաթօ: Անոնք երեքն ալ փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր Հիւպերի կեանքը չկրցան փրկել բժիշկները: Միւս երկու վարորդներուն կեանքին...

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի. Պաշտօնական Բացում` Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Ներկայութեան

Ռոժէ Ֆըղալի Յաղթական` Բացման Ցուցադրական Մրցումին Երէկ երեկոյեան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս ռելին 28 տարի ետք դարձեալ սկիզբ առաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-էն. վերջինը տեղի ունեցաւ 1991-ին, որմէ ետք անիկա տեղի ունեցաւ այլ տեղեր: Բացման ցուցադրական մրցումին...

Լիբանանի 14 Տարեկանէն Վար Տղոց Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էներժի

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած տղոց 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանի փլէյ-օֆի բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 31 օգոստոսին, Պիպլոսի նորակառոյց դաշտին վրայ (Ժիպէյլ): ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Էներժիի դէմ: Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Վերջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: Յաղթանակ արձանագրելու պարագային քառորդ աւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս վաղը, ժամը...

Պասքեթպոլ. Այսօր Պաշտօնական Բացում` Անթուան Ղորայեպի Անուան 7-րդ Տարիքային Մրցաշարքին

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան այսօր` շաբաթ, 31 օգոստոսին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղորայեպի անուան պասքեթպոլի 7-րդ տարիքային մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը` ժամը 17:00-ին: Այս մրցաշարքին կը մասնակցին 30 ակումբներու մաս կազմող 1200 մարզիկներ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Լացիօ Քաղաքի Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ այդքան ալ զօրաւոր ճակատումներ տեղի պիտի չունենան, սակայն անոնցմէ ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական: Իտալիոյ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը տեղի պիտի ունենայ Հռոմ քաղաքի տերպին` Լացիօ Ռոմայի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջեւ: Անգլիոյ մէջ, Լիվըրփուլ, որ միակ խումբն ըլլալով արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ ապահոված առաւելագոյն 9 կէտը,...

Մարքոս Փիցելլի Վնասուածք Ստացաւ. Ան Պիտի Չմիանայ Հայաստանի Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Աքթոպէի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ ծունկի վնասուածք ստացաւ, պիտի չկարենայ միանալ ազգային խումբին` Իտալիոյ եւ Պոսնիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի մրցումներուն, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի քանի մը շաբաթ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց նախորդ 21 օգոստոսին հրապարակած էր արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 13...

«Չեմփիընզ Լիկ». 2018-2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութեան ընթացքին (խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումներ) տեղի ունեցաւ նախորդ տարեշրջանի մրցանակակիրներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Լաւագոյն յառաջապահ ճանչցուեցաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը ստացաւ «Չեմփինզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, անգլիական Լիվըրփուլի պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր: Լաւագոյն յետսապահ ճանչցուեցաւ հոլանտացի Վիրճիլ Վան Տիյք (Լիվըրփուլ), լաւագոյն միջնապահ` հոլանտական Այաքս Ամսթերտամէն Պարսելոնա տեղափոխուած հոլանտացի Ֆրենքի Տը Եոնկ:...

Մահացաւ Լուիս Էնրիքէի 9 Տարեկան Աղջնակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Էնրիքէի 9 տարեկան աղջնակը` Քսանա, մահացաւ, յայտնեց սպանական մամուլը: Իր աղջկան հիւանդութեան պատճառով, 49 տարեկան մասնագէտը հրաժարական տուած էր Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի իր պաշտօնէն: Շարք մը լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ բժիշկները քանի մը ամիսէ ի վեր կը պայքարէին, աղջնակին մօտ ի յայտ եկած քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ: Սակայն անոնց պայքարը...

Նէյմար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Պարսելոնայի Հետ

Եւրոպական միջազգային շարք մը անուանի օրաթերթեր հաղորդեցին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի հետ: Քաթալոնական եւ ֆրանսական ակումբները համաձայնած են 27 տարեկան ֆութպոլիստին տեղափոխութեան հարցով: Այլ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցուիր:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նատալ Առանց Մրցում Կատարելու Անցաւ Գ. Հանգրուան

Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ առանց մրցում կատարելու ապահովեց Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի իր տոմսը: Անոր մրցակիցը պէտք էր ըլլար Տանաս Քոքինաքիս: Սակայն աւստրալիացի մարզիկը աջ ուսի վնասուածքի պատճառով հրաժարեցաւ այս մրցումին մասնակցելէ: Նատալի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային քորէացի Սհուն...

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Թեքուանտոյի «Պէյրութ Օփըն-2» Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Թեքուանտոյի «Պէյրութ Օփըն-2» Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Լը Ռըուայալ» պանդոկին (Տըպպայէ) մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց թեքուանտոյի «Պէյրութ օփըն-2» ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու մասին: Այս ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի կատարուի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) 6-8 սեպտեմբերին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Լիբանանի...

Աքրամ Հալապի Նոր Պաշտօն Մը Ստանձնեց Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէջ

  Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի համագումարին ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի նշանակուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք յանձնախումբի նախագահ: Ինչպէս ծանօթ է, Հալապի, վերջերս ընտրուած էր նաեւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ:

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի, «Յոյսով Եմ, Որ Լաւ Արդիւնք Կ՛արձանագրեմ Խումբիս Հետ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մուսա Ճիյերեան

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին, որ նախորդ տարիներուն նման պիտի ըլլայ հետաքրքրական: «Ար. Էս. Թիմ» խումբին (չորս ինքնաշարժ) օգնական վարորդներէն մէկն է յորդանանահայ Մուսա Ճիյերեան: Այս առիթով «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ կարճ, բայց շահեկան զրոյց մը, որուն ընթացքին ան բաժնեց իր կարծիքը այս ռելիին գծով: Ճիյերեան մասնաւորաբար ըսաւ. «Մեծ ուրախութեամբ կը մասնակցիմ այս ռելիին`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Եուսեֆ Պարաքեթ Միացաւ Շապապ Սահելին

Իր շարքերը աւելի զօրացնելու նպատակով եւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նպատակով, Շապապ Սահել իր կազմը կ՛օժտէ յաւելեալ մարզիկներով: Խումբը իր կազմին միացուց Սալամ Զղարթայի միջնապահ Եուսեֆ Պարաքեթը, որ կը նկատուի լաւ միջնապահ մը: Հակառակ 21 տարեկան ըլլալուն, Եուսեֆ Պարաքեթ ունի բացառիկ յատկութիւններ: Պարաքեթ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սահելի հետ:

Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելի. Անուանի Շարք Մը Վարորդներ Այսօր Կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ Կու Տան Մամլոյ Ասուլիս

Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր լիբանանցի մարզասէր հասարակութիւնը առհասարակ եւ ինքնաշարժներու աշխարհի սիրահարները` ի մասնաւորի կը հետեւին Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր, այսինքն` այս շաբաթավերջին: Այսօր «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) այս ռելիին մասնակցող անուանի շարք մը վարորդներ պիտի տան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնեն իրենց կատարած...

Ֆուատ Սալիպա Նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Ֆուատ Սալիպա նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար: Այս նշանակումը կատարուեցաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին ընթացքին: Սալիպա, որ ներկայիս Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ, բաւական աշխուժ գործունէութիւն ունեցած է մարզաշխարհին մէջ:

«Եւրոպայի Լիկա». Հայաստանի Վերջին Ներկայացուցիչը Եւս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած Տիւտելանժ - Արարատ Արմենիա «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի դարձի մրցումին նախօրեակին մեծ էին յոյսերը, որ Հայաստանի ախոյեանը խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն համար տոմս մը ապահովէ: Սակայն ակնկալիքը չիրականացաւ, եւ Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը եւս դուրս մնաց մրցաշարքէն` փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հիւրընկալ կազմէն: Նշենք, որ երթի մրցումին նման, դարձի այս...

Ճատրակ. Յովհաննէս Գաբուզեան Բաժնեց Առաջին Դիրքը

Ճատրակ. Յովհաննէս Գաբուզեան Բաժնեց Առաջին Դիրքը

Արմէն Բարսեղեան 3-րդ` Պերլինի Մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային մրցաշարքերուն հայրենի խաղացողներ արձանագրած են տպաւորիչ արդիւնքներ: ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էս. Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 88 խաղացողներ, որոնց կարգին` 23 կրանտմասթըրներ: Հայաստանը կը ներկայացնէին, կրանտմասթըրներ Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Յովհաննէս Գաբուզեան Գաբուզեան, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ,...

Ճատրակ. «Սինքուեֆիլտ Քափ». Արոնեան Մրցաշարքը Աւարտեց Առանց Յաղթանակի Եւ Վերջին Դիրքին Վրայ

Երէկ իր աւարտին հասաւ Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) կատարուող «Սինքուեֆիլտ Քափ» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 կրանտմասթըրներ: Տիտղոսին տիրացաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, որ ապահովեց 6,5 կէտ: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր վերջին մրցումին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մրցաշարքը աւարտեց առանց յաղթանակի եւ վերջին դիրքին վրայ (4,5 կէտով):

Page 661 of 1279 1 … 660 661 662 … 1,279

Արխիւներ