Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 6-13 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արաբական վոլիպոլի կրտսերներու 15-րդ ախոյեանութեան, կիրակի, 1 սեպտեմբերին, Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռաֆիք Իսսա, իսկ խումբին մարզիչն է Ուիլիըմ Ասմար:
Ախոյեանութեան կը մասնակցին 12 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Օմանը եւ Յորդանանը:
Ախոյեանութեան բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին, ժամը 19:30-ին, Յորդանանի եւ Լիբանանի միջեւ: