6-13 սեպտեմբերին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի պիտի ունենայ վոլիպոլի կրտսերներու արաբական 15-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան, որ նախորդ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Յորդանան` այս ախոյեանութեան պատրաստուելու:
Յորդանանի մէջ խումբը առաւօտեան կը կատարէ փորձեր, իսկ յետմիջօրէին` բարեկամական մրցումներ:
Ախոյեանութեան բացման մրցումին` ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին, ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան պիտի մրցի հիւրընկալ կազմին` Յորդանանի դէմ: